Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան 5-րդ Անգամ Ըլլալով Եւրոպայի Ախոյեան

Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, 77 քկ կշիռի աւարտականին, Ամոյեան մրցեցաւ վրացի Ռամազ Զոյձէի դէմ եւ չնչին առաւելութեամբ յաղթեց իր մրցակիցին:

Յունահռոմէական ոճի 55 քկ կշիռի մրցումներուն, Մանուէլ Խաչատրեան պարտուեցաւ պրոնզէ մետալի մրցումին` տեղի տալով պուլկարացի մրցակից Սթեֆան Կրիկորովի դիմաց 3-1 արդիւնքով:

60 քկ կշիռի կիսաւարտականի մրցումներուն, Սուրէն Աղաջանեան շատ կարեւոր մրցումի մը ընթացքին տուշէով յաղթեց ազրպէյճանցի Նիհատ Մամատլիին եւ այսօր աւարտականին պիտի մրցի սերպ Ճիորճի Թիպիլովի դէմ: Թիպիլով 7-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր ռումանացի Քորնելիու Ռուսուն:

63 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին, Կարէն Ասլանեան 11-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ տարաւ Լեհաստանը ներկայացնող մարզիկ Մայրպեք Սալիմովի դէմ մրցումին եւ դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:

67 քկ կշիռի մրցումներուն, Սլաւիկ Գալստեան փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ` հասնելու պրոնզէ մետալի մրցումին:

72 քկ կշիռի պրոնզէ մետալին համար պիտի մրցի Գասպար Տէրտէրեան` ռուս Ալեքսանտր Լիավոնչիքի դէմ:

82 քկ կշիռի մրցումներուն, Սամուէլ Գրիգորեան զտումի մրցում պիտի կատարէ` հասնելու պրոնզէ մետալի մրցումին:

97 քկ կշիռի մրցումներուն, Հայկ Խլոյեան զտումի մրցում պիտի կատարէ պրոնզէ մետալի մրցումին հասնելու:

Նշենք, որ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներու աւարտէն ետք կը սկսին ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումները:

 

Leave a Comment