Անցեալ շաբաթավերջին Լեհաստանի Քաթովիչէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի անհատական ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն բարձր դիրքեր գրաւելէ ետք, հայ վարպետներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան իրաւունք ստացան մասնակցելու յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
Արսէն Դաւթեան ամբողջացուց իր վարպետի առաջին նորման եւ դարձաւ մեծ վարպետ, իսկ Տիգրան Համբարձումեան իր միջազգային վարպետի երկրորդ նորման ամբողջացուց: