Ֆութսալ. Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականը Ունի Նոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք կեդրոնին (կամ ակադեմիայի կեդրոնին) մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան ներկայացուց ֆութսալի ազգային հաւաքականի փոփոխութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ էին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բոլոր բաժիններու ղեկավարները եւ ֆութսալի Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամները:

Ռուբէն Նազարէթեան այսուհետեւ կը զբաղեցնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը: Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը կը գլխաւորէ սպանացի մասնագէտ Անթոնիօ Ֆեռնանտես: Ան մեր ազգային խումբին հետ կ՛աշխատէր երկար ժամանակէ ի վեր:

Մելիքբէկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին մարզիչ Նազարէթեանին` իր կատարած ծանր աշխատանքին համար:

«24 տարի ետք Ռուբէն Նազարէթեան որոշած է անցնիլ այլ աշխատանքի` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ: Սա նոր էջ է, որ կը նպաստէ հայկական ֆութսալի ու ֆութպոլի զարգացման: Շնորհակալական խօսքերը քիչ են, քանի որ այս ընթացքով բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարած է: Թէ՛ նախորդ տարի եւ թէ՛ այս տարի ունեցանք նաեւ շարք մը երջանիկ պահեր: Չեխիոյ եւ Ուքրանիոյ դէմ մրցումներէն ետք բոլորին ուրախութեան զգացումները անմոռանալի էին: Ասոր համար եւս շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ: Այսուհետեւ Նազարէթեան պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի գլխաւոր խորհրդական: Մենք միասնաբար կը փորձենք մեծ միջազգային նախագիծ բերել Հայաստան, այս պահուն բանակցութիւններ կ՛ընթանան, եւ Նազարէթեանի երազը կը կատարուի` պրազիլական համակարգով ֆութպոլի-ֆութսալի դպրոց պիտի ունենանք: Վերջին տարիներուն Նազարէթեան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութսալի կոմիտէի անդամ է, եւ հոն անոր աշխատանքը մեծ դեր ունի: Ես` իբրեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գործադիր կոմիտէի անդամ, Նազարէթեանի հետ պիտի փորձեմ իրականացնել նախագիծեր, որոնք մեծապէս կը նպաստեն միջազգային ասպարէզին մէջ ֆութսալի զարգացումին: Կը կարծեմ, որ յառաջիկայ 1-2 տարիներուն ընթացքին մեր միջազգային նախագիծերը կեանքի կը կոչուին: Նազարէթեանին ֆութսալի աշխարհը գիտէ, միշտ կը լսէ, կարծիք կ՛առնէ, եւ ֆութսալի կոմիտէին մէջ ան առանցքային դեր ունի: Հիմա ճիշդ ժամանակն է փորձել աւելի մեծ թափ տալ մարզաձեւին եւ աւելի լայն ներկայութիւն ունենալ եւրոպական ասպարէզին մէջ: Անթոնիոյին կը մաղթեմ բարի երթ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ֆութսալի մէջ պէտք է ունենայ ամէնէն բարձր նպատակները, եւ պէտք է առաջնորդուինք այդ նպատակներով: Բոլորս տեսանք ինչ նշանակութիւն ունի խաղալ ամէնէն բարձր մակարդակով, եւ կը ցանկանք կրկնել այդ փորձը: Կը կարծեմ, որ միասնութեամբ կրնանք ընել այդ մէկը, եւ բոլորին ջանքերով ամէն ինչ կարելի է: Հայկական ֆութսալը պիտի շարունակէ ուրախացնել բոլորը»:

Իր կարգին, Նազարէթեան խօսք առաւ` շնորհակալութիւն յայտնելու բոլորին, որոնք 2002-էն ի վեր աջակցած են իրեն եւ իր աշխատանքին, եւ շնորհաւորած նոր մարզիչը, որ արդէն 1,5-2 տարիէ ի վեր խումբին հետ է եւ գիտէ ամէն ինչ:

Նշենք, որ Անթոնիօ Ֆեռնանտեսի գլխաւորութեամբ հաւաքականը սկսած է իր ուսումնամարզական հաւաքը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 25 ապրիլ:

Leave a Comment