Թոնի Քրուս Վերջնականապէս Յստակացուց Իր Կեցուածքը

Ռէալ Մատրիտի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Թոնի Քրուս խոստովանեցաւ, որ ընդհանրապէս չի մտածեր ֆութպոլի ասպարէզի վերսկսելու մասին:

20 ապրիլին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած «Լաուրէուս» մրցանակի երեկոյթին ան յայտարարեց. «Նման միտք իմ մօտս երբեք չծագեցաւ, քանի որ հեռացայ ճիշդ այնպէս, որ կը ցանկայի: Ես փակած եմ այդ էջը: Ինծի միշտ կը թուէր, որ անկարելի է ասպարէզը աւելի լաւ աւարտել: Յետոյ ամէն ինչ աւելի վատ կը դառնար»: 36 տարեկան գերմանացին ըսաւ. «Այդ փուլը ինծի համար յաջողութեամբ աւարտեցաւ, եւ ես կրցայ ուրախ հեռանալ` առանց զգալու, որ աւելին կրնայի ընել: Ես ուրախ էի եւ այսքանով ամէն ինչ ըսի»:

Յիշեցնենք, որ Ռէալ Մատրիտի հետ Քրուս 4 անգամ շահած է Սպանիոյ «Լա լիկա»-ն եւ 5 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ը, իսկ Պայերն Միւնիխի հետ ան երեք անգամ շահած է «Պունտըսլիկա»-ն եւ մէկ անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ը: Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ ալ ան 2014-ին դարձած է աշխարհի ախոյեան:

Նշենք, որ «Լաուրէուս» մրցանակի երեկոյթը ամէն տարի կ՛ընտրէ մարզական աշխարհի մրցանակակիրներ:

Փարիզի Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Քարլոս Ալքարաս (թենիս) եւ ոսկի մետալակիր Արինա Սապալենքա (թենիս) ընտրուեցան 2025 լաւագոյն աթլեթներ (տղոց եւ աղջկանց):

Խմբային մրցանակը շահեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շահած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ը:

Տարուան բացառիկ կատարելագործութեան մրցանակը շահեցաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեան Լանտօ Նորիս, մինչ «լաւագոյն վերադարձ»-ի մրցանակը շահեցաւ կոլֆի մարզիկ Ռորի Մաքիլրոյ` տարիներ ետք «մասթըրզ»-ը շահելուն համար:

Տարուան լաւագոյն երիտասարդ աթլեթ ընտրուեցաւ Լամին Եամալ (18 տարեկան), մինչ Թոնի Քրուս ստացաւ տարուան «օրինակելի» աթլեթը տիտղոսը, որովհետեւ այժմու մարզիկները կը ներշնչէ իր օրինակելի քայլերով:

 

 

Leave a Comment