Տոնովան Փարիզեան Իր Առաջին Ելոյթին Փայլեցաւ

Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբի բերդապահ Տոնովան Փարիզեան տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ իր առաջին մրցումին, որուն ընթացքին իր ակումբը` Նիւ Ինկլընտ Ռեվոլուշըն կը մրցէր Ռոտ Այլընտի դէմ:

Միացեալ Նահանգներու բաժակի մրցաշարքին 1/16-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումին ուրուկուէյցի Տիեկօ Ֆակունտես բացաւ մրցումին հաշիւը ի նպաստ Նիւ Ինկլընտի 51-րդ վայրկեանին, բայց 101-րդ վայրկեանին Ճէյ. Ճէյ. Ուիլիամս նշանակեց Ռոտ Այլընտի հաւասարութեան կոլը` պարտադրելով երկարաձգում:

Երկարաձգումին հանդիպման արդիւնքը մնաց անփոփոխ, եւ կարգը եկաւ վճռական փենալթիներուն:

Փարիզեան իբրեւ բերդապահ կրցաւ զսպել երեք փենալթիներ եւ 21 տարեկանին եղաւ մրցումին հերոսը` ընտրուելով լաւագոյն մարզիկը:

Պէտք է նշել, որ Փարիզեան այս տարեշրջանին ելոյթ կ՛ունենար ակումբի Բ. խումբին հետ «Էմ. Էլ. էս.» Նեքթ Փրօ» ախոյեանութեան, սակայն այս յաջող ելոյթը կրնայ անկիւնադարձային ըլլալ` աւելի բարձր դասակարգի հասցնելով զայն:

Leave a Comment