Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Ֆետերասիոնը Կը Ներկայացնէ Երիտասարդներու Ազգային Խումբը

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը ներկայացուց հաւաքականները, որոնք կը մասնակցին Եգիպտոսի Իսմայիլիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան:

Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2-էն 8 մայիսին: Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականները պիտի ըլլան հետեւեալ կազմերով.

ՏՂԱՔ

65 քկ – Արտուշ Գրիգորեան
71 քկ – Նարեկ Գրիգորեան եւ Յովհաննէս Յովհաննիսեան
79 քկ – Նարեկ Մկրտչեան
94 քկ – Վալերիկ Մովսիսեան
110 քկ – Գրիգոր Ղազարեան
110 քիլոկրամէն աւելի – Գագիկ Մկրտչեան

ԱՂՋԻԿՆԵՐ

69 քկ – Մերի Միսաքեան
77 քկ – Աննա Ամրոյեան
86 քկ – Էմմա Պօղոսեան

Նշենք, որ տղոց ազգային խումբին մարզիչն է Վիգէն Խաչատրեան, իսկ օգնականը` Վահրամ Գէորգեան:

Աղջկանց ազգային խումբին մարզիչն է Արտաշէս Ներսիսեան, իսկ օգնականը` Տարօն Թովմասեան:

Յիշեցնենք, որ վաղը Պաթումի մէջ (Վրաստան) կը սկսի ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որուն Հայաստան պիտի մասնակցի իր հզօր կազմով:

 

Leave a Comment