Պասքեթպոլ. Երկուշաբթի Օր` Սուրիա – Լիբանան

Երկուշաբթի օր, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Դամասկոսի «Ֆայհաա» մարզադաշտին վերաբացման առիթով, Սուրիոյ տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը պիտի մրցի Լիբանանի դէմ:

Նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով լիբանանցի մարզիկներ օտար երկիրներու մէջ կը գտնուին, Լիբանանի ազգային խումբին համար նկատի առնուեցան եւ հրաւիրուեցան Լիբանան գտնուող մարզիկները:

Սկզբունքով հրաւիրուեցան Ժերար Հատիտեան, Մարք Խուրի, Օմար Ժամալ, Եուսեֆ Խայաթ, Ճօ Ապու Սամրա, Անթոնի Նապաա, Ժիհատ Խաթիպ, Հատի Խաթիպ, Ալի Մանսուր, Ամիր Սէուտ, Քարիմ Զէյնուն, Պիլալ Թապպարա, Ժորժ-Իվ Տաապուլ եւ Ժատ Խալիլ:

Բայց ֆիզիքապէս լաւ պատրաստ չըլլալնուն պատճառով, Ժիհատ եւ Հատի Խաթիպ, Ալի Մանսուր եւ Քարիմ Զէյնուն պիտի բացակային, եւ զանոնք պիտի փոխարինէ Իսմայէլ Ամհետ:

Արդէն իսկ Ուաէլ Արաքժի, Ալի Մըզհեր, Օմար Ժամալէտտին, Սերժիօ Տարուիշ, Քարիմ Էզզէտտին, Հայկ Կէօքճեան եւ Տետրիք Լոսըն պիտի բացակային:

Այս մրցումը առիթ պիտի ըլլայ մարզիկներուն, ինչպէս նաեւ համակիրներուն, որոնք պասքեթպոլը կարօտցած էին, վայելելու համար զայն:

Վերջին անգամ 18 փետրուարին պասքեթպոլի մրցում տեղի ունեցաւ ախոյեանութեան գծով, ուր Անդրանիկ յաղթած էր Պէյրութ Ֆըրսթի (95-70):

 

Leave a Comment