Սէուտական Արաբիոյ պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանը Ժետտայի մէջ ընդունած է Փաքիստանի վարչապետ Մոհամետ Շահպազ Շարիֆը եւ անոր հետ քննարկած երկու երկիրներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները, գոյութիւն ունեցող գործակցութեան տարբեր երեսներն ու տարբեր ոլորտներու մէջ զանոնք զարգացնելու առիթները:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը բարձր գնահատած է Շարիֆի` Փաքիստանի մէջ բարգաւաճման ամրապնդման եւ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը զարգացնելու ջանքերը:
Քննարկուած են նաեւ շրջանային ու միջազգային դէպքերու վերջին զարգացումները, նախ եւ առաջ ինչ կը վերաբերի շրջանի զարգացումներուն եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններուն, զորս Փաքիստան կը հիւրընկալէ:
Ընդգծուած է շրջանին մէջ կայունութեան վերականգնման համար թափուող դիւանագիտական ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Պըն Սալման այս ծիրին մէջ բարձր գնահատած է Շարիֆի եւ փաքիստանեան բանակի սպայակոյտի պետ Ասեմ Մունիրի ջանքերը: