ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտնեց, որ Իրան պիտի մասնակցի Մոնտիալին, հակառակ իր քաղաքական բարդ վիճակին` Միացեալ Նահանգներուն հետ:
«Սի. Էն. Պի. Սի.»-ի հետ զրոյցի մը պահուն, Ինֆանթինօ յայտնեց, որ շատ կարեւոր է Իրանի մասնակցութիւնը այս Մոնտիալին, նոյնիսկ եթէ մասնակցութիւնը հարցականի տակ էր, մանաւանդ երբ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ օդային յարձակումներ գործած էին անոր վրայ:
Իրանի ազգային խումբը պիտի մասնակցի, այո՛: Յուսանք մինչեւ այն ատեն ամէն ինչ հանդարտած կ՛ըլլայ: Եւ ինչպէս ըսի, ատիկա անպատճառ կ՛օգնէ:
Բայց Իրան պէտք է գայ: Անշուշտ իրենք են իրենց ժողովուրդին ներկայացուցիչները: Իրենք շահեցան զտումի մրցումները: Մարզիկները կ՛ուզեն խաղալ», ըսաւ Ինֆանթինօ: Ան Թուրքիոյ մէջ հանդիպած էր Իրանի ազգային խումբին հետ եւ յայտնեց, որ համոզուած էր: «Գացի անոնց տեսնելու: Իրենք իրապէս լաւ խումբ են: Եւ անպայման կ՛ուզեմ, որ խաղան եւ պէ՛տք է խաղան: Մարզանքը հեռու պէտք է մնայ քաղաքականութենէն»: Անշուշտ Ինֆանթինօ գիտէ, թէ միշտ ալ կարելի չէ բաժնել մարզանքը եւ քաղաքականութիւնը: «Ճիշդ է, որ լուսնի վրայ չենք բնակիր, բայց երբ մէկը չի հաւատար, որ կամուրջ պէտք է շինել` աշխարհը իրար կապելու եւ միասին մնալու, մենք այդ մէկը կ՛ընենք մարզանքի ճամբով»:
Միացեալ Նահանգներ միասնաբար Քանատայի եւ Մեքսիքայի հետ պիտի հիւրընկալեն Մոնտիալը:
Իրան երկու մրցումներ պիտի ունենայ Ինկըլվուտի մէջ` Քալիֆորնիա, իսկ մէկ մրցում` Սիեթըլի մէջ:
Պատերազմը լուրջ հարցականի տակ դրած էր Իրանի մասնակցութեան: Շատ խօսքեր արտասանուեցան Իրանի պաշտօնական եւ պետական աղբիւրներէ` չմասնակցելու գծով: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շատ «չքաջալերեց», որ Իրանի ազգային խումբը մասնակցի Մոնտիալին` պատրուակելով ապահովութեան սպանալիքներ: