Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Կրնայ Վճռուիլ «Պունտըսլիկա»-ի Ախոյեանը, Իսկ Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ` Գագաթի Մրցումներ

Այս շաբաթավերջին Գերմանիոյ մէջ կրնայ Պայերն Միւնիխը ախոյեան դառնալ, եթէ յաղթէ իր մրցումին` Շթութկարթի մէջ:

Կրնայ պատահիլ, որ Պայերն այսօր իսկ առանց սպասելու վաղուան իր մրցումին ախոյեան դառնայ, եթէ Հոֆենհայմ դրական արդիւնք արձանագրէ Բ. դիրքը գրաւող Տորթմունտի դէմ:

Հոֆենհայմ, որ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի փորձէ աւելի բարձր դիրք բարձրանալ` յոյսով, որ վերջին 4 հանգրուաններուն բարձրանայ մինչեւ 4-րդ դիրք` «Չեմփիընզ լիկ»-ի մասնակցելու համար, մինչ Տորթմունտ պիտի փորձէ 3 կէտեր շահիլ` իր չնչին յոյսերը պահելու «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան:

Պայերն Միւնիխ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Շթութկարթը (վաղը), բայց այս վերջինն ալ կը փորձէ մնալ 3-րդ դիրքի վրայ եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ին մասնակցիլ յառաջիկայ տարեշրջանին:

Անգլիոյ մէջ կացութիւնը բոլորովին տարբեր է: Մանչեսթըր Սիթի 64 կէտերով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը 6 կէտերով ետ մնալով Արսենալէն, որ մրցում մը աւելի կատարած է: Երկու խումբերը իրար դէմ պիտի մրցին վաղը ժամը 18:30-ին Մանչեսթըրի «Իթիհատ» դաշտին վրայ, ուր Արսենալ 2015-էն ի վեր ձախողած է յաղթել:

Արսենալ 9 կէտի առաւելութիւն ունէր Սիթիի վրայ եւ կը պայքարէր Լիկայի բաժակի, Անգլիոյ բաժակի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ճակատումներուն վրայ: Վերջին տարիներուն նման Արսենալ արդեօք պիտի ետ մնա՞յ: Բաժակի յոյսերը կորսնցնելէ ետք, այժմ Լոնտոնի ակումբի խաղաոճը շատ նահանջ արձանագրած է եւ նոյնիսկ «Չեմփիընզ լիկ»-ին մէջ դժուարութեամբ հասաւ կիսաւարտական:

Վաղուան մրցումը կրնայ վճռական ըլլալ եւ Արսենալին համար «ցաւալի» ըլլալ, ուր Սիթի առիթ պիտի ունենայ աւելի եւս մօտենալու եւ նոյնիսկ հաւասարելու կէտերով:

Միքէլ Արթեթայի խումբը քննութեան շրջանի մէջ կը գտնուի, ուր մարզիկները պէտք է իրենց վրայ դրուած յոյսերը իրականացնեն:

Լիվըրփուլ քաղաքի տերպին վաղը իրար դէմ պիտի հանէ Էվըրթընն ու Լիվըրփուլը: Էվըրթըն համեմատաբար աւելի լաւ օրերու մէջ կը գտնուի, քան Լիվըրփուլ, որ ըստ երեւոյթին այս տարեշրջանի աւարտին պիտի ստիպուի փոխարինել նետերլանտցի մարզիչ Առնէ Սլոթը: Մոհամետ Սալահ իր վերջին տերպի մրցումը պիտի կատարէ եւ արդէն իսկ «Չեմփիընզ լիկ»-էն ալ դուրս մնաց «Կարմիրներուն» հետ պարտուելէ ետք Փարիզ Սեն Ժերմենէն»:

Այսօր հետաքրքրական մրցումի մը Չելսի (6-րդ) Լոնտոնի մէջ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Եունայթըտ իր վերջին 4 մրցումներուն միայն մէկ յաղթանակ կրցաւ արձանագրել, մինչ Չելսի աւելի լաւ օրերու մէջ չի գտնուիր:

Ֆրանսայի մէջ Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի 5-րդ դիրքը գրաւող Լիոնի դէմ, որ իր կարգին կը փորձէ հասնիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ին մասնակցելու դիրքի մը (առնուազն 3-րդ):

Leave a Comment