Սամպօ. Հայաստանի Հաւաքականը 12 Մետալներով Աւարտեց Աշխարհի Բաժակը

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 2026-ի Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը, որ տարեշրջանի առաջինն է «Էֆ. Այ. Էյ. Էս.»-ի օրացոյցին վրայ:

Մրցումները հիւրընկալեց «Կազփրոմ» կրթամարզական համալիրը` մասնակցութեամբ աշխարհի ուժեղագոյն մարզիկներուն:

Մարզիկները մրցեցան երեք տարբեր ձեւերու` մարզական սամպոյի, մարտական սամպոյի, ինչպէս նաեւ տեսողութեան խնդիրներ ունեցողներու սամպոյի կարգերուն մէջ:

Երկու օրերու վրայ տեղի ունեցան բոլոր մրցումները` 14 կշիռներու կարգերուն մէջ:

Հիւրընկալ երկիր Հայաստան բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ` նուաճելով 12 մետալներ, գրաւելով 5-րդ դիրքը` խմբային դասաւորման մէջ:

Հայաստան շահեցաւ 1 ոսկի մետալ եւ 11 պրոնզ մետալ: Ախոյեան դարձաւ 58 քկ կշիռի մարտիկ Կարէն Սարգսեան, որ մասնակցած էր մարզական սամպոյի մրցումներուն:

Խմբային դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւեց Ռուսիա, որ 24 ոսկի, 14 արծաթ եւ 13 պրոնզ մետալներ նուաճեց:

 

Leave a Comment