«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Պարսելոնա Դուրս Մնացին

Երեքշաբթի գիշեր անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ 6 անգամ տիտղոսակիր Լիվըրփուլ իրար դէմ ճակատեցան Անգլիոյ «Էնֆիլտ» դաշտին վրայ: Լիվըրփուլ առաջին կիսախաղին քիչ մը դժոարութիւն ունեցաւ վտանգելու ֆրանսական ակումբին բերդը, բայց Բ. կիսախաղին խաղաոճը փոխելով բաւական տիրապետեց, եւ կը սպասուէր, որ «Ռեմոնթատա» կատարէ ինչպէս պատահած էր 2005-ի աւարտականին` Ա. Սէ. Միլանի դէմ, ուր Ա. կիսախաղին 3-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Լիվըրփուլ կրցած էր հաւասարիլ եւ փենալթիներով յաղթել, կամ 2019-ի կիսաւարտականին, երբ Պարսելոնայի դէմ երթին 3-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք, «Էնֆիլտ»-ի մէջ կրցած էր 4-0 արդիւնքով յաղթել:

Լիվըրփուլի համակիրները, որոնք առաջին կիսախաղին իրենց յոյսը մասամբ կորսնցուցած էին, երբ Ուկօ Էքիթիքէ վիրաւորուեցաւ, 65-րդ վայրկեանին ուրախացան, երբ իրաւարարը փենալթի մը սուլեց Ուիլիան Փաչոյի դէմ, որ խոշտանգած էր Լիվըրփուլի յառաջապահը… սակայն ՎԱՐ-ի սենեակէն առաջարկուեցաւ վիրատեսութեան ենթարկել իր որոշումը եւ կրկնութիւնը դիտել պաստառին վրայ: Աւելի՛ն. 71-րդ վայրկեանին նոր դաշտ ներկայացած Ռիօ Էնկումոհա ուժգին հարուածը զսպեց ուքրանացի բերդապահ Մաթվէյ Սաֆոնովը` Լիվըրփուլը զրկելով կոլէ մը:

Յաջորդ հակայարձակումին արդէն Փարիզ Սեն Ժերմեն կոլ մը նշանակեց` շնորհիւ անցեալ տարուան «Ոսկի գնդակ»-ի տիտղոսակիր Ուման Տեմպելէի:

Այս կոլը գրեթէ վերջ դրաւ Լիվըրփուլի յոյսերուն, Տեմպելէ 91-րդ վայրկեանին կոլ մը եւս նշանակեց, եւ Փարիզի ակումբը երթին նման 2-0 արդիւնքով յաղթեց: 1992-ին, երբ Ախոյեանի խումբերու բաժակը կոչուեցաւ «Չեմփիընզ լիկ», ոչ մէկ տիտղոսակիր ակումբ կրցած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի յաջորդական տիտղոսներ շահիլ, բացի Ռէալ Մատրիտէն: Սպանական ակումբը 2016-էն 2018 3 յաջորդական տիտղոսներ շահեցաւ, բայց Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի փորձէ այս տարի ալ շահելով առնուազն մօտենալ Ռէալին:

Զուտ սպանական միւս քառորդ աւարտականին, Պարսելոնա, որ երթին իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Աթլեթիքօ Մատրիտէն, շատ լաւ ձեւով սկսաւ Աթլեթիքոյի դաշտին վրայ եւ 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ 24 վայրկեաններէ ետք: Լամին Եամալ եւ Ֆեռան Թորես նշանակեցին երկու արագ կոլեր:

Մօտ 6 վայրկեան ետք գնդակը հասաւ Ատեմոլա Լուքմանի, որ անզսպելի հարուածով նշանակեց Աթլեթիքոյի կոլը:

Այս կոլէն 10 վայրկեան ետք, Տանի Օլմօ մեծ քառակուսիին մէջ գետին բերուեցաւ, բայց… իրաւարարը փենալթի չնկատեց այդ արարքը: Նոյնիսկ ՎԱՐ-ը չմիջամտեց:

55-րդ վայրկեանին Ֆեան Թորես կոլ մը եւս նշանակեց, բայց ՎԱՐ միջամտեց զայն օֆսայտ նկատելով:

Վերջին քառորդ ժամերուն Աթլեթիքօ աւելի վտանգաւոր առիթներ ստեղծեց, բայց Էրիք Կարսիայի կարմիր քարտն ալ չօգնեց Պարսելոնային, որ կոլ մը եւս նշանակէր: Կորսուած վայրկեաններուն Ռոնալտ Արաուխօ գլխու հարուածով կրնար ճակատումները հաւասարեցնել, բայց… Քանի մը սանթիմեթր բարձր անցնելով, Պարսելոնայի յոյսերն ալ կորսուեցան «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ տիտղոսի մը ապահովման գծով:

 

Leave a Comment