Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստան հաւաքականը իր վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնէ` մասնակցելու Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:

20-էն 26 ապրիլին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, ըստ մարզիչ Արմէն Բաբալարեանի, որ նաեւ յայտնեց, թէ Ողիմպիականի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան պիտի բացակայի այս ախոյեանութենէն` վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք: Սակայն ան հերքեց այն բոլոր լուրերը, թէ Արթուր Ալեքսանեան այս տարի պիտի չվերադառնայ, այլ հաստատեց, որ ան այժմէն իսկ սկսած է իր փորձերը եւ անպայման պիտի մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն:

Ալեքսանեանի փոխարէն 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեան Հայկ Խլոյեան պիտի ներկայացնէ Հայաստանը` 97 կշիռի մրցումներուն:

Միւս կողմէ, երկու անգամ աշխարհի ախոյեան եւ 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ նպատակ ունի իր 5-րդ Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը նուաճել` 77 քկ կշիռի մրցումներուն:

Ան լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ. «Երբ իբրեւ գլխաւոր թեկնածու կ՛երթաս ախոյեանութեան, մրցակիցներդ քու դիմացդ աւելի ոգեւորուած կը պայքարին: Այդ իսկ պատճառով պայքարը աւելի կը բարդանայ: Իմ կշիռի կարգին մէջ կան 6-7 բարձր մակարդակի ըմբիշներ, որոնք լրջօրէն թեկնածու են ախոյեանութեան: Ամէն ինչ կախեալ է, թէ մրցումի պահուն ով որ ինքզինք աւելի լաւ կը զգայ եւ ճիշդ ձեւով մը դրսեւորէ իր մարզավիճակը, ան կը յաղթէ:

27 տարեկան Մալխաս Ամոյեանի կողքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հետեւեալ ըմբիշները.

Մանուէլ Խաչատրեան (55 քկ), Սուրէն Աղաջանեան (60 քկ), Կարէն Ասլանեան (63 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ), Գասպար Տէրտէրեան (72 քկ), Մալխաս Ամոյեան (77 քկ), Սամուէլ Գրիգորեան (82 քկ), Գէորգ Թադեւոսեան (87 քկ), Հայկ Խլոյեան (97 քկ) եւ Ալպերթ Վարդանեան (130 քկ):

Leave a Comment