Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Լաւ Դիրքի Վրայ` 5 Հանգրուաններէ Ետք

Քաթովիչէի մէջ (Լեհաստան) տեղի կ՛ունենայ ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը:

150 վարպետներ կը մասնակցին այս անհատական ախոյեանութեան, ուր Հայաստանէն կը մասնակցին 15 վարպետներ:

Առաջին 10-ին մէջ դասուած են Շանթ Սարգսեան (թիւ 5) եւ Հայկ Մարտիրոսեան (թիւ 10):

Հայկ Մարտիրոսեան, որ թիւ 12 դիրքի վրայ դասուած է այժմ, 5 հանգրուաններէ ետք կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` չնչին տարբերութեամբ սպանացի Էտուարտօ Իթորիզակա Պոնելլիէն:

Շանթ Սարգսեան 4 կէտ ունի եւ կէս կէտով ետ կը մնայ առաջին 6 դիրքերէն` գրաւելով 7-րդ դիրքը: Էմին Օհանեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան իրենց կարգին 4-ական կէտեր ունին եւ կը գրաւեն յաջորդաբար 30-րդ եւ 34-րդ դիրքերը:

4 կէտ ունի նաեւ Մամիկոն Ղարիպեան` 41-րդ դիրքին վրայ: Գաբրիէլ Սարգսեան ունի 3,5 կէտ` Արսէն Դաւթեանի եւ Արթուր Դաւթեանի նման:

Leave a Comment