2026-ի Մոնտիալ. Իրան Պիտի Մասնակցի՞, Թէ՞ Ոչ

Տակաւին յստակ չէ, թէ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբը պիտի մասնակցի՞ ամրան տեղի ունենալիք Մոնտիալին, թէ՞ ոչ:

Շատ կարծիքներ կան մասնակցութեան կամ պոյքոթի վերաբերեալ: Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանցիներ կը կարծեն, թէ Իրան պէտք է մասնակցի, որովհետեւ հարցը քաղաքական է եւ մարզիկներուն չի վերաբերիր, հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Տանըլտ Թրամփ անցեալ ամիս հրապարակաւ յայտնած էր, թէ աւելի լաւ է Իրանի չմասնակցիլը, մանաւանդ որ անոնց ապահովութիւնը չի կրնար երաշխաւորել:

Աւելի տարեց իրանցիներ, որոնք 1979-էն գաղթած են Իրանէն, կը նախընտրեն Իրանի չմասնակցիլը, մանաւանդ որ այս խումբը այժմու վարչակարգի խումբն է: Ինչպէս ըսինք, կարծիքները բաժնուած են նոյնիսկ Իրանի մէջ: Մարմնակրթութեան նախարարը որոշած է չմասնակցիլ Մոնտիալին, բայց օրեր ետք ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը յայտնած էր, թէ Իրան պատրաստ էր մասնակցելու` առաջարկելով ՖԻՖԱ-ին, որ մրցումները Միացեալ Նահանգներէն փոխադրէ Մեքսիքա:

ՖԻՖԱ-ն մերժած էր այդ առաջարկը, մանաւանդ որ շատ խաչաձեւումներու առջեւ կրնայ գտնուիլ, երբ բազմաթիւ համակիրներ այժմէն իսկ ապահոված են իրենց պանդոկներն ու կեցութեան վայրերը:

Ըստ երեւոյթին, Իրան պիտի մասնակցի Մոնտիալին, բայց… թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ համակիրներուն կեցուածքը` օրերը գիտեն:

 

 

Leave a Comment