Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ խառն մենամարտերու «Էյ. Սի. Էյ. 202» մրցաշարքը, որուն ընթացքին կատարուեցան տպաւորիչ մենամարտեր եւ կարեւոր փոփոխութիւններ դասաւորումներուն մէջ:
Յատուկ ուշադրութեան կեդրոն դարձան հայ մարտիկներ Էտուարտ Վարդանեանի եւ Այգ Կազարեանի ելոյթները:
Վարդանեան տպաւորիչ վերադարձ կատարեց եւ յայտարարեց տիտղոսի թեկնածութեան մասին:
Հայ համակիրներուն համար գլխաւոր իրադարձութիւն դարձաւ Էտուարտ Վարդանեանի վերադարձը, որ բարձրացաւ կիսամիջին կշիռ եւ անմիջապէս ինքզինք փաստեց իր բարձր մակարդակով:
Ան հետաքրքրական ելոյթ մը ունեցաւ Ուզայր Ապտուրաքովի դէմ եւ առաջին ռաունտին քիչ մը ետ մնալէ ետք կրցաւ կէտերով շահիլ 2-րդ ռանուտը, մինչ 3-րդ եւ վերջին ռաունտին կրցաւ խեղդող հնարքով շահիլ մրցումը:
Ան նոյնիսկ իր շահած եկամուտը նուիրեց Տաղստանի մէջ հեղեղէն տուժածներուն:
Թեթեւագոյն կշիռի մրցումին, Այգ Կազարեան կէտերու արդիւնքով պարտուեցաւ Տոմաշ Դեկի դէմ մրցումին: