«Աստուած իր զօրութեամբ կը պահէ ձեզ‚ որպէսզի ձեր հաւատքով հասնիք իր պատրաստած փրկութեան‚ որ ժամանակի վախճանին պիտի յայտնուի: Ուրախացէ՛ք այդ փրկութեամբ‚ նոյնիսկ եթէ հարկադրաբար քիչ մը տրտմած էք հիմա‚ ձեր կրած պէս-պէս փորձութիւններուն համար»:
Ա. Պետրոսի 1:5-6
Զատկական տօնի բարեբաստիկ առիթով, Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական Ա. Նամակէն վերցուած այս մտածումներով կ՛ողջունեմ լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք, հակառակ մեզ շրջապատող տեսակաւոր դժուարութիւններուն ու տագնապներուն, մեր նախնիներու երկիւղածութեան շունչով զօրացած, հաւատքը ամուր կը պահեն: Այս առիթով, սրտովին կ՛ողջունեմ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու ճամբով գործը կը շարունակեն եւ իրենց նուիրումով մեր համայնական կեանքը կ՛ամրացնեն: Փա՛ռք Ամենակալին: Հակառակ յաջորդական պատերազմներուն ու աւերածութեանց, ոչ միայն կանգուն ու հաստատ կը մնայ լիբանանահայ մեր կեանքը, այլեւ վերակենդանութեան հրամայականն ալ կը զգանք ամէն տեղ:
Այսօր, Զատիկ է դարձեալ մեր աշխարհին մէջ: Թող սթափին աշխարհի հարցերով ծանրաբեռնուած մեր սրտերը, որպէսզի Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը արձագանգէ մեր սրտերուն մէջ ու մենք զգանք, թէ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի գերագոյն զոհողութեան շնորհիւ, մեր կեանքը վերստին լեցուեցաւ աստուածային շնորհքով, եւ մեր դիմաց լայնօրէն բացուեցան դէպի Աստուած տանող ուղիները:
Յայտնապէս, տօնական առիթները եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած են մեզ մխիթարելու, մեզ ոգեւորելու ու մեր կեանքը վայրէջքներէն վեր բարձրացնելու սպասումով:
Արդարեւ, քրիստոնեան իր ունեցած հաւատքով պէտք է դիմագրաւէ իր կեանքը տագնապեցնող հարցերն ու վտանգները: Այլապէս, աշխարհը զինք կրնայ բարոյապէս սպառել:
Անկասկած, բոլորս ալ գիտենք, թէ կեանքին մէջ դժուարութիւններն ու խնդիրները չեն պակսիր, այլ սակայն, պէտք է նաեւ յիշենք, թէ պատնէշի վրայ անխախտ կը մնան անոնք, որոնք Աստուծոյ հաւատքով կը պայծառանան ու բարոյական հիմունքներով իրենց կեանքը կը շինեն ու կ՛ամրացնեն:
Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ քրիստոնեային կեանքը հաւատքով իրագործելի աշխատանք է: Հաւատքով իրագործելի աշխատանք է նաեւ տեսակաւոր դժուարութեանց ու մարտահրաւէրներու բովէն անցնող հայութեան կեանքը: Մեզ ինքնագիտակցութեան հրաւիրող ներկայ բացառիկ դժուարութեանց դիմաց, այս ճշմարտութիւնը պէտք է սթափեցնէ մեզ եւ լծէ սուրբ գործի:
Անկասկած, Զատիկ է դարձեալ մեր կեանքին մէջ ու բնական է, որ տօնական մեր արտայայտութիւնները ըլլան տեսակաւոր ու տարբեր, այլ սակայն, այդ բոլորին մէջ պէտք չէ մոռնանք, թէ աշխարհին մէջ ամենահաստատունն ու տեւող իրականութիւնը, Աստուծոյ հաւատքով կառուցուածն է:
Հետեւաբար, զգուշ պէտք է ըլլանք, որպէսզի կեանքի անցուդարձերուն կամ մեր անտարբերութեան հետեւանքով, մեր հաւատքն ու հոգեւոր եռանդը չնուազին, եւ մեր նկարագիրը չխաթարուի: Պէտք է Աստուծոյ հաւատքով ապրինք ու մեծնանք ու քրիստոնէական ճշմարտութիւններու եւ բարոյական սկզբունքներու հիմամբ մեր կեանքը շինենք ու շէնցնենք, վստահ ըլլալով, թէ Աստուծոյ հաւատքով մեր դիմաց կրնան բացուիլ նաեւ յաւերժին դռները:
Անկասկած, լիբանանահայութիւնը վարժ է անվերջ տագնապներու ու ցնցումներու: Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր, տեսակաւոր տագնապներ ու դժուարութիւններ անպակաս եղան մեր կեանքէն, եւ բոլորս ալ կը զգանք, թէ ի՜նչ մեծ զօրութիւններ կան մեզի դէմ գործող եւ ի՜նչ հսկայ հոսանքներ շարունակաբար կը բախին մեր հաւատքին ու կը սպառնան մեր ինքնութեան:
Սուրբ յարութեան աւետիսը մեզի փոխանցելով, այսօր մեր եկեղեցին մեզի կը թելադրէ, Աւետարանի ապրումներով լուսաւորել մեր միտքն ու հաւատքով եւ իմաստութեամբ քալել կեանքի ճամբաներէն, որպէսզի ամուր ու անկործան մնայ մեր կեանքը: Այլապէս` առանց հաւատքի ու առանց գիտակից ճիգի, տարուէ-տարի մեր ապրած տագնապները չեն կրնար յաղթահարուիլ, ու մենք անպայմանօրէն կը փոքրանանք ու կը սպառինք:
Զատկական տօնի նուիրական առիթով, սրտովին փառք տանք Աստուծոյ, որ իր զօրութեամբ կը շարունակէ պահել ու պահպանել մեր կեանքը եւ առիթ ընծայել, որ մենք կարենանք մեր հաւատքովն ու մեր նախնիներու երկիւղածութեան շունչով, մեր ընտանեկան պայմաններուն ու համայնական կեանքին մէջ մնալ շէն ու կանգուն:
Աղօթենք, որ մեզ զգաստութեան հրաւիրող ներկայ ծանր պայմաններուն դիմաց, Յարուցեալէն ճառագայթող աննիւթական շնորհքը խաղաղութիւն պատգամէ մեր աշխարհին, հաւատքով կազդուրէ բոլորս, որպէսզի ի խնդիր քրիստոնէական արժէքներու պահպանութեան ու ազգային մեր կեանքի յարատեւութեան, մեզի վստահուած պարտականութիւնները կամքով շարունակենք ու աստուածային փրկութեան հրաւէրը ուրիշներուն տանելով, մեր շրջապատին մէջ յոյս ցոլացնենք եւ սուրբն ու լուսեղէնը հաստատենք:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:
Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ