Նոյնիսկ Մեսսիի Հետ Արժանթինի Յոյսերը Այդքան Ալ Բարձր Չեն

Երեքուկէս տարի առաջ Լիոնել Մեսսի «ամբողջացուցած» էր ֆութպոլը` առաջնորդելով Արժանթինը 2022-ի Մոնտիալի տիտղոսին` Քաթարի մէջ: Ֆութպոլի բոլոր համակիրներուն համար հաճելի էր տեսնել Մեսսին Մոնտիալի բաժակով` իր սքանչելի ասպարէզին վրայ աւելցնելով միակ բացակայ տիտղոսը, զոր տարիներէ ի վեր կը փորձէր շահիլ:

Մեսսի Արժանթինի 7 մրցումներուն ընթացքին նշանակած էր 7 կոլ, որոնց կարգին աւարտականի զոյգ կոլերը եւ 3 էսիսթներ` շահելով Մոնտիալի ոսկի կօշիկը` իբրեւ լաւագոյն ֆութպոլիստ:

Դժուար է սակայն 2022-ի Արժանթինը կոչել «մէկ մարզիկով» խումբ` նկատի ունենալով, որ Խուլիան Ալվարեսի, Ալեքսիս Մաքալիսթըրի եւ Էնզօ Ֆերնանտեսի նման մարզիկներ փայլուն մրցաշարք մը ունենալով իրենք զիրենք ներկայացուցին միջազգային ֆութպոլի լայն դռներուն ընդմէջէն, վերջինը` (Ֆերնանտես) շահելով մրցաշարքի լաւագոյն երիտասարդ մարզիկի տիտղոսը, մինչ Նիքոլաս Օթամենտի գլխաւորեց տոկուն պաշտպանողական գիծը, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, իսկ բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինես եղաւ փենալթիներու թագաւոր:

Նոյնիսկ Անխել Տի Մարիայի եւ Լաութարօ Մարթինեսի նման մարզիկներ իրենց պայքարի ոգիով տուին իրենց լաւագոյնը եւ շապիկի համար պայքարելով դեր ունեցան Արժանթինի կարեւոր մրցումներուն:

Հակառակ այդ Մոնտիալը անակնկալ պարտութեամբ սկսելուն (Սէուտական Արաբիոյ դէմ), Արժանթին խմբային խաղով իր մակարդակը բարձրացուց, եւ ոչ մէկ խումբ կրցաւ խմբային պայքարի ոգին կոտրել:

Դժբախտաբար ներկայիս Լիոնել Սքալոնիի խումբը նոյն մակարդակը չունի, եւ ախոյեանի մակարդակը բնաւ զգալի չէ` 2026-ի Մոնտիալի նախօրեակին:

Պատրաստութիւնները շատ յուսալից չեն, եւ յաջողութեան յոյսերը անգամ մը եւս վստահուած են «ծեր» Մեսսիին: 37 տարեկանին Մեսսի այլեւս այդ կարողութիւնը չունի, կամ այժմ այդ զգացումը կայ, Մոնտիալի ազդանշանէն մօտ 2 ամիս առաջ:

Թուղթի վրայ Արժանթինի 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումները ամբողջական էին: Արժանթինցիները հարաւային Ամերիկայի խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւեցին 9 կէտերու առաւելութեամբ Բ. դիրքը գրաւող Էքուատորէն` նշանակելով առաւելագոյն թիւով կոլերը: Մեսսի 8 կոլ նշանակելով, առաջին անգամ ըլլալով դարձած էր զտումի լաւագոյն կոլ-սքորըր:

Սակայն, իրականութեան մէջ, Արժանթինի տիրապետութիւնը մնացեալ խումբերուն որակի սաստիկ անկումին պատճառով էր, ուր պատմական մրցակիցներ Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը գրաւեցին յաջորդաբար:

Սքալոնիի խումբը մտահոգիչ պարտութիւններ ալ կրեց Ուրուկուէյի եւ Փարակուէյի կողմէ եւ իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քոլոմպիոյ հետ, Մեսսիի ներկայութեան:

Նոյն պահուն «Քոփա Ամերիքա»-ն ալ շահեցաւ Արժանթին` զտումի մրցումներուն զուգահեռ, բայց անգամ մը եւս Արժանթին չտպաւորեց, սակայն յաղթեց մեծ մասամբ մրցակիցներուն տկար մակարդակէն օգտուելով:

Անցեալ հոկտեմբերէն ի վեր Արժանթին 4 փորձ-մրցումներ կատարեց` յաղթելով Վենեզուելային (1-0) առանց Մեսսիի, 2026-ին սկիզբը յաղթելով Փուերթօ Ռիքոյին (6-0), Անկոլային 2-0 արդիւնքով յաղթելով: Ալպիսելեսթէ (ճերմակ եւ բաց կապոյտ գոյնով խումբը) Մարտին երկու մրցում ունէր շատ տկար մակարդակ ունեցող խումբերու` Մաւրիտանիոյ եւ Զամպիոյ դէմ, որոնք բնաւ ալ պիտի չօգնէին մակարդակի բարձրացման: Մաւրիտանիոյ մրցումը վերջին վայրկեանին «կարգադրուեցաւ», մանաւանդ երբ «Ֆինալիսիմա» մրցումը ջնջուեցաւ, ինչ որ Սպանիոյ դէմ կրնար լուրջ փորձ մը ըլլալ:

Ընդհակառակն Մեսսիի ներկայութեան Արժանթին միայն 2-1 կրցաւ յաղթել, եւ մրցումը չափազանց ձանձրացուցիչ էր:

Նոյնիսկ բերդապահ Էմիլիանօ դժգոհ էր խումբին մակարդակէն. «Փառք Աստուծոյ, որ «Ֆինալիսիմա»-ն չխաղցուեցաւ, այս ձեւով եթէ խաղայինք, պիտի խայտառակուէինք»:

2022-ի «Ֆինալիսիմա»-ն վստահաբար կարեւոր էր Արժանթինի համար, ուր Մեսսի եւ Տի Մարիա 3-0 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը տանելով Եւրոպայի ախոյեան (2020-ի) Իտալիոյ դէմ, Արժանթին աւելի լաւ տրամադրուած մասնակցեցաւ Մոնտիալին` նկատի ունենալով, որ Մոնտիալէն առաջ փորձ մրցումները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ժամայքայի, Հոնտուրասի եւ Էսթոնիոյ դէմ վստահաբար մակարդակը պիտի չբարձրացնէին:

 

Leave a Comment