Ֆութպոլի պատմութեան հզօրագոյն խումբերէն Իտալիա անգամ մը եւս ձախողեցաւ հասնիլ Մոնտիալ, երբ փլէյ-օֆի իր վերջին մրցումին փենալթիով պարտուեցաւ Պոսնիոյ ազգային խումբին դէմ:
Մոյս Քին բացաւ մրցումին հաշիւը, բայց կեդրոնի յետսապահ Ալեսանտրօ Պասթոնի ուղիղ կարմիր քարտ մը ստացաւ 41-րդ վայրկեանին, եւ մարզիչ Ճենարօ Կաթուզոյի գործը դժուարացաւ: Իտալիա Բ. կիսախաղին ամբողջութեամբ պաշտպանուեցաւ քանի մը խեղճ հակայարձակումներով, մինչ Պոսնիա, որ 66-րդ դասուած ֆութպոլի խումբն է, կրցաւ կոլ մը նշանակել շնորհիւ Մէօնշընկլատպախի յառաջապահ Հարիս Թապաքովիչի, որ 79-րդ վայրկեանին նշանակեց Պոսնիոյ հաւասարութեան կոլը: Թապաքովիչ 8 վայրկեան առաջ փոխարինած էր միջնապահ Իվան Պասիչը:
Արդիւնքը մնալէ ետք անփոփոխ, դիմուեցաւ երկարաձգման:
Ինթեր Միլանի յառաջապահ Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթօ (20 տարեկան), որ փոխարինած էր Քինը, առիթ ունէր կոլ մը նշանակելու, բայց Զանքթ Փաուլիի բերդապահ Նիքոլա Վասիլ զսպեց զայն: Երկարաձգման ընթացին Իտալիա 10 մարզիկներով աւելի լաւ էր, բայց անոնք կոլ չկրցան նշանակել, եւ դիմուեցաւ վճռող փենալթիներու:
Իտալիոյ առաջին փենալթին կորսնցուց նոյնինքն Էսփոզիթօ, որուն փենալթին բաւական բարձր անցաւ Պոսնիոյ բերդէն: Միայն Թոնալի յաջողեցաւ նշանակել փենալթին, մինչ Ռոմայի միջնապահ Պրայըն Քրիսթանթէի փենալթին զսպեց… Պոսնիոյ բերդին հորիզոնական ձողը… Պոսնիոյ 4-րդ յաջող փենալթին նշանակեց Այնտհովընի մարզիկ Էսմիր Պայրաքթարեւիչ, եւ Պոսնիա 2014-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով հասաւ Մոնտիալ, մինչ Իտալիա, որ 2006-ին շահած էր իր վերջին Մոնտիալը, որմէ ետք 2010-ին եւ 2014-ին առաջին հանգրուանէն իսկ դուրս մնալով, ձախողեցաւ վերջին երեք մոնտիալներուն հասնելու:
«Տակաւին չենք հաւատար… Մեզի համար մեծ դժբախտութիւն է: Մեզի, մեր ընտանիքներուն եւ բոլոր պատանիներուն, որոնք բնաւ չեն տեսած, որ Իտալիան Մոնտիալի կը մասնակցի», ըսաւ յետսապահ Լէոնարտօ Սփինացոլա:
Եւրոպայի գօտիի մնացեալ փլէյ օֆի մրցումներուն, Շուէտ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեհաստանը իւրայատուկ իրագործումով:
Արդարեւ, Շուէտ, որ զտումի իր մրցումներուն շատ ձախող արդիւնքներ ձեռք ձգելէ ետք, այս փլէյ-օֆերուն մասնակցեցաւ պարզապէս որովհետեւ Ազգերու լիկայի մրցումներուն լաւ արդիւնքներ արձանագրած էր:
Արսենալի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ 88-րդ վայրկեանին կարեւոր կոլ մը նշանակելով Շուէտ յաղթեց Լեհաստանին, որ համեմատաբար աւելի լաւ կը խաղար:
Դանիա իր կարգին լաւ խաղալով հանդերձ փենալթիներով պարտուեցաւ Չեխիայէն եւ դուրս մնաց: Մրցումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով, եւ միշտ Չեխիան էր, որ առաջ կը նշանակէր, բայց Դանիա կը հաւասարէր: Նոյն բանը պատահեցաւ երկարաձգման:
Փենալթիներու դիմուեցաւ, բայց Դանիա 3 փենալթիներ կորսնցնելով յաղթանակը նուիրեց Չեխիոյ, որ վերջին անգամ 2006-ին մասնակցած էր Մոնտիալին:
Վերջին մրցումին, Թուրքիա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քոսովոն, որ ձախողեցաւ հասնելու Մոնտիալին առաջին անգամ ըլլալով: Թուրքիա 2002-էն ի վեր մասնակցած չէր Մոնտիալին:
Նշենք, որ Մոնտիալին հասնող 47-րդ եւ 48-րդ ազգային խումբերը եղան Քոնկօ եւ Իրաք: Քոնկօ 100-րդ վայրկեանին կրցաւ կոլ նշանակել Ժամայքայի բերդին մէջ, մինչ Իրաք 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոլիվիան (երէկ առաւօտ)` հասնելով Մոնտիալին առաջին անգամ ըլլալով 1986-ի Մոնտիալէն ի վեր: