«Էն. Պի. Էյ.» Ո՞ւր Հասան «Էն. Պի. Էյ.»-ի Մրցումները

Ամէն տարեշրջանի, «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանին, ամէն խումբ 82 մրցում կը կատարէ, այնուհետեւ եւ ըստ դասաւորման, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն 8-ական խումբեր փլէյ-օֆի մրցումներու կը մասնակցին, Արեւելեան շրջանի ախոյեանը մրցելով Արեւմտեան շրջանի ախոյեանին դէմ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի տարուան տիտղոսին համար:

2021-ին որոշուեցաւ, որ 8 խումբերէն անկախ առիթ տրուի 9-րդ եւ 10-րդ դիրքերը գրաւող խումբերուն, որ խաղան փլէյ-ին մրցումներ 7-րդ եւ 8-րդ դիրքերը գրաւող խումբերուն հետ` աւելի լաւ զտելու համար փլէյ օֆի արժանի խումբերը:

Այժմ բոլոր խումբերը մօտ 75-76 մրցումներ կատարած են, եւ արդէն իսկ յստակ են Արեւելեան շրջանի եւ Արեւմտեան շրջանի զտուած խումբերը, մինչ Արեւելեան շրջանէն արդէն իսկ դուրս մնացին Միլուոքի Պաքս, Շիքակօ Պուլզ, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, Պրուքլին Նեթց եւ Ինտիանա Փէյսըրզ: Արեւմտեան շրջանէն ալ Մեմֆիս Կրիզլիզ, Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ, Տալաս Մեւրիքս, Եութա Ճեզ եւ Սաքրամենթօ Քինկզ չկրցան հասնիլ փլէյ-օֆի մրցումներուն:

Ասիկա կը նշանակէ, որ 20 մնացեալ խումբերը պիտի փորձեն փլէյ օֆի մէջ ապահով դիրքեր գրաւել:

Տիթրոյիթ, Պոսթըն, Օքլահոմա եւ Սան Անթոնիօ ապահովեցին փլէյ-օֆի իրենց դիրքերը, եւ թուաբանական հաշիւներով Նիւ Եորք, Քլիվլենտ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Տենվըր Նակեթց կրնան հասնիլ փլէյ օֆի, իսկ Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ այնքան հեռու չեն անոնց միանալու:

Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ փլէյ-ին մրցաշարքին պիտի մասնակցին:

Leave a Comment