Անգլիոյ անցեալ տարուան ախոյեան Լիվըրփուլ բաւական բարդ ու անյաջող տարեշրջան մը կ՛անցընէ, հակառակ անոր որ անցեալ ամրան փոխանցման շուկային մէջ մեծ գումարներ ծախսեց: Շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամրան Լիվըրփուլ փոխէ իր մարզիչը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Սորթ Պիլտ» կայքը, Լիվըրփուլի ղեկավարութիւնը արդէն որոշում տուած է, եւ ամրան խումբին ղեկը պիտի ստանձնէ Խապի Ալոնսօ: Սպանացի մասնագէտին անունը արդէն իսկ ամիսներէ ի վեր նկատի առնուած է:
Ալոնսօ այժմ առանց ակումբի է, ան ազատ գործակալի կարգավիճակով է քանի մը ամիսէ ի վեր` Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը լքելէ ետք:
Նոյն պահուն, Լիվըրփուլի այժմու գլխաւոր մարզիչ Առնէ Սլոթ լուրջ ճնշումի տակ կը գտնուի: «Փրեմիեր լիկ»-ի 31-րդ հանգրուանէն ետք, նետերլանտցի մասնագէտին գլխաւորած խումբը 49 կէտեր կրցած է հաւաքել միայն եւ դասաւորման 5-րդ դիրքը կը գրաւէ: