Արսենալ Հետաքրքրուած Է Պրահիմ Տիասով

Լոնտոնի Արսենալ ակումբը լրջօրէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտի յարձակող միջնապահ Պրահիմ Տիասի ծառայութիւններով:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, լոնտոնեան ակումբը այս պահուն հիմնական պայքար մղող խումբն է, որ կը փորձէ ձեռք ձգել մարոքցի միջնապահը: Ամառնային փոխանցումներու պատուհանը բացուելէն առաջ, Արսենալ կը դիտարկէ իր կազմը աւելի եւս զօրացնելու տարբերակներ, եւ Տիաս անոր գլխաւոր թիրախներէն մէկն է:

Կը նշուի, որ Ռէալ Մատրիտ արդէն իսկ քանի մը անգլիական խումբերէ առաջարկներ ստացած է եւ դէմ չէ մարզիկը «ղրկելու»: Սպանական ակումբը պատրաստակամութիւն յայտնած է լսելու այնպիսի առաջարկներ, որոնք կը համապատասխանեն ֆութպոլիստի փոխանցման արժէքին վերաբերեալ իրենց գնահատականին:

Բացի Արսենալէն, Տիասի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ուշադիր կը հետեւին նաեւ անգլիական այլ ակումբներ, մասնաւորապէս Թոթենհամ եւ Նիւքեսըլ:

 

Leave a Comment