Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը հրապարակեց ազգային հաւաքականի վերջնական կազմը, որ պիտի մասնակցի 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Պաթումի մէջ (Վրաստան), 19-էն 26 ապրիլին:
Ցանկին մէջ ապագայ խոստացող մարզիկներ ալ կան եւ միեւնոյն ժամանակ փորձառու մարզիկներ:
Ստորեւ ցանկը`
ՏՂԱՔ
60 քկ – Գառնիկ Չոլակեան
71 քկ – Գոռ Սահակեան
79 քկ – Մարտին Պօղոսեան
88 քկ – Ռաֆիկ Յարութիւնեան
94 քկ – Արա Աղանեան
110 քկ – Գարիկ Կարապետեան
եւ Սիմոն Մարտիրոսեան
110-էն վեր կշիռք – Վարազդատ Լալայեան
Պահեստի մարզիկներ` Տիգրան Կարապետեան (79 քկ) եւ Դաւիթ Յովհաննիսեան (94 քկ):
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
53 քկ – Տանզելա Գրիգորեան
եւ Իզապելա Եայլեան
58 քկ – Ալեքսանտրա Գրիգորեան
77 քկ – Աննա Ամրոյեան
եւ Ալինա Սուքիասեան
86 քկ – Էմմա Պօղոսեան
եւ Լիանա Գիւրճեան
86-էն վեր կշիռք – Տաթեւ Յակոբեան
Բացի Հայաստանի հաւաքականէն, շարք մը հայ մարզիկներ պիտի մասնակցին այլ երկիրներու դրօշներու տակ, ինչպէս Ամայակ Միասքեան (79 քկ, Աւստրիա), Սարգիս Մարտիրոսեան (110 քկ, Աւստրիա), Անդրանիկ Կարապետեան (88 քկ, Պոսնիա) եւ Գէորգ Սերոբեան (79 քկ, Ռուսիա):
Նշենք, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութեան մասնակից երկիրներու կազմը պիտի ընդլայնուի` նկատի ունենալով, որ ոչ միայն եւրոպական աւանդական հաւաքականներ պիտի մասնակցին, այլ նաեւ Ճերսի, Ճիպրալթար, Մեն կղզին, եւ Հարաւային Ափրիկէ, որոնք զտումի մրցումներէ պիտի անցնին:
Բացի այս բոլորէն, մրցահարթակ պիտի բարձրանան Բրիտանիոյ առանձին հաւաքականէն անկախ Անգլիոյ, Կալեսի, Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի հաւաքականները: