ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ երէկ դեղեր եւ դեղորայքային պարագաներ փոխանցուած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանութեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ մարդասիրական այս օգնութիւնը երախտագիտութեան դրսեւորում է Իրանի ժողովուրդին հանդէպ, քանի որ Հայաստանի եւ Արցախի դժուարին օրերուն դրացի եւ բարեկամ Իրանը եղած է հայ ժողովուրդի կողքին:
«Ի հարկէ, ոչ մէկ օգնութիւն ունակ է բարեկամ Իրանի ժողովուրդի ցաւը մեղմացնելու, սփոփելու համար, բայց իբրեւ մարդ, իբրեւ բժիշկ, պարտաւոր ենք ցաւի ու վիշտի մէջ գտնուող մարդոց կողքին ըլլալու», ըսաւ «Տօնոյեան» բժշկական կեդրոնի վիրաբուժ Հենրիկ Մարգարեան:
Մարդասիրական օգնութիւնը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի փոխդեսպանը` շնորհակալութիւն յայտնելով այս դժուարին օրերուն Իրանի ժողովուրդի կողքին ըլլալու համար: