Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին պատճառով օդանաւերու վառելանիւթ ստանալ չկարողացող Բրիտանիոյ պէս պետութիւնները պէտք է զայն մեզմէ գնեն»` աւելցնելով. «Այն պետութիւնները, որոնք չեն կրնար վառելանիւթ ստանալ, պէտք է քաջութիւն ունենան, Հորմուզի նեղուց երթան եւ զայն գրաւեն»:
«Իրան մեծապէս քանդուեցաւ, եւ դժուար բաժինը աւարտեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Վառելանիւթի պակասէ տառապող պետութիւննե՛ր, գացէ՛ք եւ ձեր քարիւղը անձամբ առէք»:
«Միացեալ Նահանգները ներկայ պիտի չըլլան օգնելու վառելանիւթի պակասէ տառապող պետութիւններուն, ինչպէս իրենք մեզի օգնելու համար ներկայ չէին», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Ֆրանսան զինուորական մատակարարումներով բեռցուած եւ Իսրայէլ ուղղուող օդանաւերուն չարտօնեց իր օդային տարածքէն անցնիլ, Ֆրանսան բացարձակապէս չգործակցեցաւ «Իրանի ջարդարար»-ին հարցով, զոր մենք յաջողութեամբ սպաննեցինք: Միացեալ Նահանգները այդ մէկը պիտի չմոռնան», յայտնեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելի ուշ ալ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրանի վրայ յաղթանակը յայտարարելու համար մեծ բան չէ մնացած, եւ թէ իրանեան իւրանիոմէն ձերբազատիլը որեւէ կողմի համար դժուար պիտի ըլլայ:
Թրամփ նաեւ ընդգծեց, որ զինուորական ուժերը ներկայիս Հորմուզի նեղուցի մերձակայքէն պիտի չհեռացնէ:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց. «Սէուտական Արաբիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն եւ Պահրէյնէն պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ չեն ուզեր պատերազմին վերջ տալ, մինչեւ որ Իրանի ղեկավարութեան ու անոր վարմունքին մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունենան»:
Լրատու գործակալութիւնը նաեւ նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ուշադրութիւն գրաւեցին իբրեւ Ծոցի պետութիւններուն մէջ ամէնէն կարծր դիրքորոշման տէրը, եւ Թրամփի վրայ մեծ ճնշում կը բանեցնեն ցամաքային ներխուժման հրաման տալու, Քուէյթն ու Պահրէյնը կը զօրակցին այդ ընտրանքին, իսկ Օմանն ու Քաթարը կը նախընտրեն դիւանագիտական լուծումի դիմել:
Դիւանագէտ մը «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներուն ըսած է, թէ պատերազմը հիմա դադրեցնելը պիտի յանգեցնէ «լաւ համաձայնութեան մը», որ կ՛երաշխաւորէ Իրանի արաբ դրացիներուն անվտանգութիւնը:
Ըստ լրատու գործակալութեան, Ռիատի կարծիքով, պատերազմին որեւէ վերջնական կարգաւորում պէտք է երաշխաւորէ Իրանի հիւլէական ծրագիրի վնասազերծումը, անոր հեռահար հրթիռներու ոլորտին մէջ կարողութեան քանդումը եւ իր գործակատարներուն Թեհրանի աջակցութեան դադրեցումը, ինչպէս նաեւ պէտք է երաշխաւորէ, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը կարողութիւն չունենայ ապագային Հորմուզի նեղուցը իրողապէս փակելու, ինչպէս ըրաւ այս պատերազմի ընթացքին:
Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ, որ սէուտցիներուն, էմիրաթցիներուն եւ քուէյթցիներուն իրանեան հարուածներուն հակադարձելու ստիպուիլը միայն ժամանակի հարց է, որովհետեւ ամերիկացիները զիրենք հիասթափեցուցին եւ չկրցան պաշտպանել:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը գրեց. «Թրամփն ու անոր օգնականները եկան այն եզրակացութեան, թէ Հորմուզի նեղուցը բանալու առաքելութիւնը հակամարտութեան մէջ իր ճշդած ժամկէտէն անդին մագլցումի պիտի յանգեցնէ»:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, թէ իրանեան վարչակազմէն շարք մը անձնաւորութիւններ տակաւին բանակցութիւններուն կ՛ընդդիմանան, ինչ որ երկխօսութեան ուղիի շուրջ ներքին տարակարծութիւններու շարունակման ցուցանիշ է:
Աղբիւրներ պատկերասփիւռի կայանին նշած են, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ զրուցակից իրանցի պաշտօնատարներ փնտռել, իրանեան վարչակարգին մէջ որոշում տուող կողմի անյստակութեան պայմաններուն մէջ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց. «Սպայակոյտի պետն ու կեդրոնի հրամանատարութեան պետը Իրանի մէջ ամբողջ ամսուան մը վրայ երկարող զինուորական ծրագիրներ վաւերացուցին»:
Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ «Առիւծի մռնչիւն» գործողութեան ընթացքին 6477 վիրաւորներ արձանագրուած են եւ պատերազմի սկիզբէն ի վեր 5651 բնակիչներու տուներ վնասուած են:
Մինչ այդ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի յայտնեց. «Ինչ կը վերաբերի անոնց, որոնք կը հետաքրքրուին ճակատագրովը ամերիկեան արդիական «Ճերըլտ Ֆորտ» օդանաւակիրին, որ երկու շաբաթէն աւելի անկանոն եւ տատանուող կերպով նաւարկած է Եանպուհի եւ Ժետտայի միջեւ, նախքան անոր վերադարձին համար տարբեր պատրուակներ ու պատմութիւնները յօրինելը, պէտք է ըսել, որ այս անկանոն վարքագիծի եւ նահանջի գաղտնիքը պէտք է փնտռել Եմէնի բարձր լեռներուն եւ օրհնեալ երկրին մէջ»: «Պլումպըրկ», մէջբերելով եւրոպական լաւատեղեակ պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Իրան հուսիներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ պատերազմին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ յաւելեալ մագլցումի պարագային, Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկման դէմ նոր արշաւի պատրաստուելու»:
Այդ պաշտօնատարները նաեւ կը նշեն, որ հուսիներուն մէջ նախատեսուող յարձակումներու տարողութեան շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի: Կարծր դիրքորոշման տէր եղողները կ՛ուզեն լայնածաւալ յարձակումներ շղթայազերծել, մինչ աւելի չափաւորականներ դէմ են այդ ռազմավարութեան: Եւրոպացի պաշտօնատարները կը նշեն. «Իսրայէլի թիրախաւորումը երկու հատուածներուն համար միջին լուծում մը ներկայացուց»:
Հեկսեթ. «Ամերիկան Աւելի Ընտրանքներ Ունի, Իսկ Իրանը` Նուազ»
Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարեց, թէ շաբաթ օր Միջին Արեւելք այցելած է եւ ամերիկեան ուժերուն հետ խօսած:
«Ամերիկան աւելի ընտրանքներ ունի, իսկ Իրանը` նուազ», նշեց ան:
«Իրանը ամէնօրեայ եւ ազդու կերպով կը հարուածենք», նշեց Հեկսեթ:
«Դիւցազնական զայրոյթ» գործողութիւնը կը կեդրոնանայ յաղթանակի արագ իրագործման վրայ», ըսաւ ան:
«Իրանի նոր վարչակարգը պէտք է գործէ աւելի ողջախոհ կերպով: Հակառակ պարագային, Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը իր գործողութիւնները աւելի մեծ ուժգնութեամբ պիտի շարունակէ», յայտնեց Հեկսեթ:
Չինաստան Եւ Փաքիստան Կոչ Կ՛ուղղեն Պատերազմին Վերջ Տալու
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նինկ յայտարարեց, թէ Չինաստանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի ամրապնդեն Իրանի հարցին եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային ու շրջանային հարցերու շուրջ ռազմավարական համակարգումն ու հաղորդակցութիւնը:
Մաօ ըսաւ, որ երկու կողմերը յաւելեալ ջանքեր պիտի թափեն խաղաղութեան ամրապնդման, հակամարտութեան վերջ տալու եւ շրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան պաշտպանութեան համար:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Չինաստանի պետական «Շինխուա» լրատու գործակալութիւնը աւելի ուշ հաղորդեցին, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կոչ ուղղած են` անմիջապէս զինադադար հաստատելու, Ծոցի ու Միջին Արեւելքի շրջաններուն մէջ պատերազմին վերջ տալու եւ կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութեան բանակցութիւններ կատարելու:
Անոնք ընդգծած են ջրային անցքերու անվտանգութեան եւ Հորմուզի նեղուցին մէջ բանտարկուած նաւերու եւ անոնց անձնակազմերուն ապահովութեան երաշխաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ երկու երկիրները այս կոչը յղած են շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան վերականգնման համար երէկ հրապարակուած 5 կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութեան մը մէջ:
Քաթար. «Մագլցումի Շարունակումը Ի Շահ Ոչ Ոքի Պիտի Ըլլայ»
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Դէմ կը կանգնինք կենսական ու քաղաքային կառոյցներու իրանեան թիրախաւորումներուն, որոնք շրջանին մէջ բոլորը կը վտանգեն»:
«Իրանեան յարձակումներուն մէջ շարք մը կարմիր գիծերու շրջանցում տեղի ունեցաւ, եւ մենք անհրաժեշտ քայլերը կ՛որդեգրենք մեր գերիշխանութիւնը որեւէ յարձակումէ պաշտպանելու համար», ըսաւ ան:
«Բանակցութեան սեղանին որքան մօտենանք, այդքան ատիկա ի շահ շրջանին կ՛ըլլայ», նշեց Անսարի:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ. «Գոյութիւն ունի այն իրողութիւնը, թէ Իրան դրացի երկիր է, եւ պէտք է անոր հետ կողք-կողքի ապրելու ուղին գտնել»:
«Մագլցումի շարունակութիւնը ի շահ ոչ ոքի է եւ յաւելեալ կորուստներ կը նշանակէ», շեշտեց Անսարի:
«Կը զօրակցինք Փաքիստանի միջնորդական ջանքերուն եւ կը մաղթենք, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ըլլայ», ըսաւ ան:
Արաղչի–Ֆիտան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հերքած է Թուրքիոյ ուղղութեամբ իրանեան հրթիռներու արձակումը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը մէջբերելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը:
Արաղչի ամբողջովին անհիմն կոչած է որոշ աղբիւրներու Իրանէն Թուրքիոյ ուղղութեամբ հրթիռներու արձակման մասին հաղորդումները եւ զգուշացուցած շրջանին մէջ խաղաղութեան ու բարեկամութեան թշնամիներու կողմէ «կեղծ դրօշի տակ» գործողութիւններու կրկնութենէն:
Արաղչի նշած է, որ Թեհրան պատրաստ է Անգարայի հետ միացեալ հետաքննութիւն կատարելու Թուրքիոյ ուղղութեամբ հրթիռներու հաւանական արձակման վերաբերեալ:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է բարի դրացնութեան սկզբունքին, Թուրքիոյ գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան յարգման եւ պատրաստ է միացեալ թեքնիք համագործակցութեան` որեւէ հաւանականութիւն ստուգելու համար», ըսած է ան:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղած է դատապարտելու նախայարձակներու յանցագործութիւնները, յատկապէս յարձակումները Իրանի դպրոցներու, համալսարաններու, գիտական կեդրոններու, պատմամշակութային կառոյցներու, արտադրական եւ ուժանիւթային ենթակառոյցներու, ինչպէս նաեւ բնակելի տարածքներու վրայ:
Ֆիտան իր կարգին, խօսելով Իսլամապատի մէջ Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներու վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումին մասին, յայտարարած է, թէ շրջանի երկիրները կ՛աջակցին պատերազմի դադրեցման, խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:
Քոսթա. «Փեզեշքիանէն Պահանջեցի Շրջանի Պետութիւններուն Վրայ Յարձակումները Դադրեցնել»
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոսթա նշեց, որ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կացութիւնը հանդարտեցնելու, քաղաքայիններն ու ենթակառոյցները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը շեշտած է:
«Իրանի նախագահէն պահանջեցի շրջանի պետութիւններուն վրայ յարձակումները դադրեցնել եւ միջազգային օրէնքը յարգել», յայտնեց Քոսթա:
«Անկէ պահանջեցի Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի ազատութեան երաշխաւորման հարցով ՄԱԿ-ի հետ գործակցիլ», աւելցուց ան:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Վառելանիւթի գիներուն հետեւող յաւելուած «Կազ Պատի»-ի հրապարակած հաղորդագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներու մակարդակի վրայ պենզինի միջին գինը երկուշաբթի օր աւելի քան երեք տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով անցած է 4 տոլարը:
Մալեզիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Անթոնի Լուք նշեց, որ իր երկիրը Թեհրանի հետ դիւանագիտական բանակցութիւններէ ետք մալեզիական 7 նաւերու Հորմուզի նեղուցէն անցնելու համար տուրքերէ զերծ կացուցուած:
«Մեր մօտ Իրանի դեսպանը մեզի յայտնեց, որ մալեզիական նաւերը որեւէ տուրքի պիտի չենթարկուին, որովհետեւ բարեկամ պետութիւն կը նկատուինք», աւելցուց ան:
Մալեզիոյ մէջ Իրանի դեսպանը իր կարգին «Նիու Սթրէյց Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց. «Բարեկամ պետութիւնները նեղուցը առանց տուրքի կրնան օգտագործել»:
Իրանեան քարիւղի հաշիւներուն ծանօթ աղբիւր մը «Տը Էքոնոմիստ» պարբերաթերթին յայտնած է. «Իրան ներկայիս օրական 2,4 միլիոնէն 2,8 միլիոն տակառ քարիւղ կ՛արտածէ»:
«Իրանի արտածումները անցեալ տարի անոր արտածածին միջին հաշիւին հաւասար են, եթէ ոչ աւելին», աւելցուցած է աղբիւրը: