Միացեալ Նահանգներու դահոյկի հաւաքականի անդամ Միքայէլա Շիֆրին պատմական մրցանիշի հաւասարեցաւ` շահելով աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը 6-րդ անգամ ըլլալով:
Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան, 31 տարեկան ախոյեանը պէտք ունէր առաջին 15 դիրքերէն որեւէ մէկը գրաւելու` շահելու ախոյեանութեան փակման հանգրուանին:
Իր միակ մրցակիցը` գերմանացի Էմմա Այխեր չկրցաւ աւարտել վերջին հանգրուանը` առիթ տալով Շիֆրինին, որ դառնայ տիտղոսակիր, 6-րդ անգամ ըլլալով:
Շիֆրին այժմ կը հաւասարի Աննմարի Մոզէր-Փրոլի (Աւստրիա), որ 1980-ին շահած էր իր վերջին տիտղոսը:
Ընդհանուր տարեշրջանի ախոյեանութեան տիտղոսը որոշուած էր կէտերու հաշիւով, 4 տարբեր մրցաձեւերու, ուր Այխեր մասնակցած էր բոլորին, մինչ Շիֆրին, որ 2 տարիէ ի վեր չէր մասնակցած սուր զառիվար մրցաձեւին, կրցած էր «Սուփըր Ճի»-ի քանի մը մրցումներ շահիլ:
Աշխարհի ախոյեանութեան պատմութեան ամէնէն յաջող մարզիկ Շիֆրին, 110 մրցում շահած է, կրցած էր 10 պալոմի մրցումներէն 9-ն շահիլ` իր 9-րդ տիտղոսը շահելով (մրցանիշ):
Շիֆրին 2017-ին, 2018-ին, 2019-ին, 2022-ին եւ 2023-ին շահած էր աշխարհի ախոյեանութիւնը, մինչ Մոզեր-Փրոլ 1971-էն 1975, ապա հինգ յաջորդական տարիներ ետք` 1979-ին շահած էր իր աշխարհի վերջին ախոյեանութիւնը: 1980-ին աւստրիացի մարզիկը Ողիմպիական տիտղոսը շահելէ ետք լքած էր դահուկարշաւի ասպարէզը:
Տղոց մրցանիշը կը պատկանի այլ աւստրիացիի մը` Մարսել Հիրշերի, որ 8 անգամ դարձած է աշխարհի ախոյեանութեան բաժակակիր: