Շուէտի ներկայացուցիչ Նարեկ Վարդանեան շահեցաւ Ռիկայի (Լաթվիա) մէջ տեղի ունեցած ճիւտոյի Եւրոպայի 73 քկ կշիռի բաժակի տիտղոսը:
Աւարտականին Վարդանեան հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց Մոլտովայի ներկայացուցիչ Վլատ Միթրուի դէմ` շահելով ոսկի մետալը:
Նշենք, որ ասիկա երիտասարդ հայ մարզիկի երկրորդ կարեւոր նուաճումն է կարճ ժամանակի միջոցին: Երկու շաբաթ առաջ 18 տարիքը բոլորած Վարդանեան նոյնպէս շահած էր Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդներու Եւրոպայի բաժակը: