Ռոման Աւագեան Հրաւիրուած Է Մեքսիքայի Պատանիներու Ազգային Խումբ

Հայաստանի պատանեկան հաւաքականի եւ գերմանական Մայնց խումբի ֆութպոլիստ Ռոման Աւագեան հրաւիրուած է Մեքսիքայի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբ:

Ֆութպոլիստը կը մասնակցի միջազգային բարեկամական մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի մէջ 31 մարտէն 4 ապրիլ: Մեքսիքա պիտի մրցի Փորթուգալի, Ճափոնի եւ Փերուի դէմ:

Աւագեան նախապէս արդէն հանդէս եկած էր Հայաստանի պատանեկան ազգային խումբին հետ: 2024-ին ան խաղցած է 14 տարեկանէն վար ազգային խումբէն, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Զարգացման բաժակին, իսկ 2025-ին մասնակցած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 15 տարեկանէն վար մրցաշարքին: Այդ մրցաշարքին միջնապահ Աւագեան Ուզպեքիստանի դէմ կոլ մը նշանակած է, ինչպէս նաեւ փենալթի մը նշանակած է Վրաստանի դէմ:

Աւագեան կրնայ հանդէս գալ քանի մը ազգային խումբի հետ: Ան ծագումով կրնայ ներկայացնել Հայաստանը, Մեքսիքան եւ Միացեալ Նահանգները: Անոր հայրը հայ է, իսկ մայրը` մեքսիքացի: Ճիշդ է, որ ան Հայաստանի պատանեկան ազգային խումբին հետ ելոյթ ունեցած է, սակայն մեծերու մակարդակով վերջնական ընտրութիւնը տակաւին բաց է: Ֆութպոլիստին զարգացման քայլերուն ուշադրութեամբ կը հետեւին Մեքսիքա եւ Միացեալ Նահանգներ` նկատի ունենալով, որ անոր ընտանիքը կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ:

Պէտք է նշել, որ Մեքսիքայի պատանեկան հաւաքականի հրաւէրը չի նշանակեր, որ ան վերջնական ընտրութիւն կատարած է:

Երիտասարդական մակարդակի կանոնները առիթ կու տան ֆութպոլիստներուն քանի մը անգամ փոխել մարզական քաղաքացիութիւնը, մինչեւ մեծերու մակարդակի վերջնական որոշում կայացնելը:

 

Leave a Comment