«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն Քեւըն Տիւրենթ շաբաթ գիշեր կրցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կէտերու դասաւորման մէջ գերազանցել պատմութեան թիւ 1 պասքեթպոլի աստղ Մայքըլ Ճորտընի 32.292 կէտերը:
Ան կատակելով ըսաւ, որ տակաւին 4 դիրքեր կան` 27 կէտ նշանակելէ ետք Մայեմի Հիթի դէմ մրցումին: Հիուսթըն Ռոքեթցի 37 տարեկան մարզիկը 3 կէտնոց կողով մը նշանակելէ ետք է, որ անցաւ Ճորտընի թիւերուն:
Մրցումէն ետք հարցումի մը պատասխանլով ան յայտնեց, որ «Մայքըլ Ճորտըն յիշատակելի մէկ բանչ չունի, այլ անոր բոլոր իրագործումները անմրցելի էին, եւ ոչ մէկը կրնայ անոր կարողութիւններուն մօտենալ իսկ»:
Մրցումի վերջին երկվայրկեաններուն Տիւրենթ կէտեր նշանակելու առիթ կորսնցուց, որ մրցումը կրնար շահիլ, բայց իր խմբակից Էյմըն Թոմփսըն վրայ հասնելով գնդակը զետեղեց Մայեմիի կողովին մէջ, եւ Ռոքեթց 123-122 արդիւնքով յաղթեց:
Թոմփսըն, որ 4 տարեկան էր (2007-ին), երբ Տիւրենթ իր առաջին տարեշրջանը սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ, ըսաւ. «Պատմական մարզիկ է: Իրեն հետ խաղալը միայն նոյն խումբին մէջ անպատճառ քաջալերելի է: Եւ ականատես ըլլալը անոր մրցանիշներ բարելաւելուն շատ գեղեցիկ զգացում է»:
Տիւրենթ, որ ռիպաունտի եւ էսիսթի մէջ ալ փայլուն արդիւնքներ կու տայ, 16 անգամ մասնակցած է «Օլ Սթար» մրցումի, 4 անգամ ողիմպիական ոսկի մետալ շահած է Միացեալ Նահանգներու հետ, 4 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաւելագոյն կէտերը նշանակած է եւ 2 անգամ աւարտականի «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած:
Տեվըն Պուքըր 25 կէտ նշանակեց, եւ Ֆինիքս Սանզ 120-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը` 5 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք:
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 18 յաջորդական մրցումներ պարտուելէ ետք Պոսթընի մէջ, երէկ կրցաւ 102-92 արդիւնքով յաղթական վերադառնալ Սելթիքսի դաշտէն:
Նիւ Եորք Նիքս 145-113 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը: Քարլ Անթոնի Թաունզ 26 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիքսի, որ 6-րդ յաջորդական յաղթանակը ձեռք ձգեց, մինչ Ուաշինկթըն իր 16-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց:
Սաքրամենթօ Քինկզ 126-122 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրուքլին Նեթցը` շնորհիւ Մալիք Մոնքի հերոսութիւններուն: Մոնք իր 32 կէտերուն 10-ն նշանակեց վերջին 5 վայրկեաններուն: