4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան կը մասնակցի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ «Տաշիր Արենա»-ի մէջ, 28 մարտին:
Ազատ ոճի հայ ըմբիշը իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ այս ձեւի մարտական «շօ»-ի ձեւաչափով մրցաշարքին:
Մինչեւ օրս Յարութիւնեանի մրցակիցը որոշուած չէ: Աւելի կանուխ լրատուամիջոցներուն մէջ կը քննարկուէր անոր հաւանական կրեփլինկի մենամարտը Մոհամետ Մոքայեւի դէմ, սակայն այդ տարբերակը տակաւին պաշտօնապէս չէ հաստատուած:
Չի բացառուիր նաեւ, որ մենամարտը տեղի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի կանոններով` այլ մրցակիցի դէմ:
Մինչեւ վերջերս Յարութիւնեան միայն դասական ըմբշամարտի ձեւաչափով միջազգային մրցաշարքերու կը մասնակցէր, Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի, ինչպէս նաեւ «Փի. Տապըլեու. Էլ. Լիկա»-ի (Հնդկաստանի) մէջ: Այս ձեւով իր ասպարէզին մէջ նոր հանգրուան կը մտնէ Արսէն Յարութիւնեան:
«Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքը հիմնական ձեւով կը ներառէ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի (խառն մարտարուեստի) մենամարտեր, սակայն հանդիսատեսները կը սպասեն նաեւ կրեփլինկի «տաք» մրցումներ:
Այս մրցաշարքին պիտի մասնակցին Դաւիթ Խաչատրեան (28 յաղթանակ – 6 պարտութիւն), Մհեր Մադաթեան (առաջին մենամարտ), Դաւիթ Խաչատրեան (4 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն) եւ Վիրաբ «Մանգուստ» Մանուկեան (3 յաղթանակ – 2 պարտութիւն):
«Հայփ Էֆ. Սի.» երկրորդ անգամ ըլլալով մրցաշարք մը կազմակերպէ Հայաստանի մէջ: