Ուիթքոֆ. «Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Վերջ Տալու Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու համար Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ:

Նշենք, որ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալը նպատակ մըն է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 14 ամիս առաջ իր պաշտօնի ստանձնման պահուն խոստացած էր իրագործել:

Ուիթքոֆ յայտարարեց, որ Ֆլորիտայի մէջ երկու օր տեւած բանակցութիւնները կեդրոնացած են «բացերու յաւելեալ կրճատման եւ առկախ հարցերու կարգաւորման վրայ, եւ մարդասիրական հիմնական հարցերուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»:

Leave a Comment