Արեւմտահայերէնի դարբնոց՝ Մելգոնեանի 100 ամեակը պիտի նշուի Յունիս 26, 2026-ին Կիպրոսի մէջ

Անի Զէյթունցեան
Հանրային ռատիօ

Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս մեծ աւանդ ունեցած երկրորդական երկսեռ վարժարան էր՝ մինչեւ 2005 թուական:

Սոյն թուականի 7 Մարտին առիթը ունեցայ անձամբ այցելելու Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, որուն դռները շղթայուած էին, սակայն մելգոնեանցի մեր ընկերուհիին միջնոդութեամբ կրցանք մտնել ներս եւ, քալել կանաչ խոտերուն վրայէն եւ զգալ այն դառնութիւնը, որ այսօր փակ է Մելգոնեան կրթօճախը, ամէն բան իր տեղն էր բացի աշակերտութենէ․․։

Աշխարհասփիւռ մելգոնեանցիներ որոշում առած են Հաստատութեան 100-ամեակը նշել՝ Կիպրոսի մէջ, ընդգծելով, որ քանի դեռ կան մելգոնեանցիներ, անոնք իրենց սիրտերուն մէջ վառ կը պահեն դպրոցի անմահ լոյսը։

Նիկոսիոյ՝ Իւթիւճեան սրահէն ներս, տեղի կ՛ունենային Մելգոնեանի 100 ամեակի նախապատրաստական փորձերը աշակերտներուն հետ։ Հանդիպեցանք նախկին մելգոնեանցիներ  տիկին Անահիտ Դուրեան Էսքիճեանին եւ  տիկին Լորա Ատուրեան Մկրտիչեանին հետ , որոնք կը կազմակերպէին 100 ամեակի տօնակատարութիւնը,  տեղւոյն վրայ մենք կարճ զրոյց մը ունեցանք՝ Հայաստանի ձայանսփիւռին համար։

«Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր, այլ կ՛ապրուի», կ՛ըսէին շրջանաւարտները՝  ընդգծելով Մելգոնեանի անգնահատելի դերը հայկական սփիւռքի կեանքին մէջ:

«Կեանքս իմաստաւորած է Մելգոնեանը․ըսաւ տիկին Անահիտ Դուրեան Էսքիճեան ։

«Հարստութիւն մըն, ժառագութիւն մը, որ  մենք ունի՛նք եւ ուրիշներ չունին․ շեշտեց տիկին Լորա Ատուրեան Մկրտիչեան։

Կեսարիայէն Եգիպտոս հաստատուած երկու եղբայրներ, Մելգոնեան եղբայրները, իրենց ամբո՛ղջ հարստութիւնը՝ 600,000 անգլիական հնչուն ոսկին, կտակած էին հայ ազգին, Կիպրոսի հիւրընկալ ափերուն մէջ հաստատելու «անմահ լուսոյ» փարոսը, ուրկէ տասնամեակներ շարունակ, շարան-շարան, ալիք առ ալիք դէպի հայութիւն ջամբուեցան լուսոյ շողեր։

Եգիպտահայ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներուն հիմնած  Մելգոնեան Կրթական hաստատութիւնը, որոնց փափաքը եղած էր հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, որբացած մանուկներու շրջանին մէջ հայոց ինքնութիւնը պահպանել։ 1926 թուականին, Կիպրոսի մէջ հիմնադրուած Մելգոնեան հաստատութիւնը տարիներու ընթացքին ընդլայնեց իր առաքելութիւնը` ներգրաւելով աշխարհի տարբեր ծագերէն հայ պատանիներ ու պարմանուհիներ։ Մելգոնեանը, բացի կրթական հաստատութիւն մը ըլլալէ, է՛ր մանաւանդ արեւմտահայերէնի դարբնոցն ու անխորտակելի ամրոցը:

Leave a Comment