Ափրիկէի Ազգերու Ախոյեանութիւն. Մարոք Ախոյեան Հռչակուեցաւ…

Անցեալ 18 յունուարի գիշերը, Սենեկալ շահած էր Ափրիկէի ազգերու ախոյեանութիւնը Ռապաթի մէջ` պարտութեան մատնելէ ետք հիւրընկալ երկիր Մարոքը:

2 ամիս ետք, Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ըստ երեւոյթին «ուշ արթնցաւ» եւ որոշեց Մարոքը ախոյեան հռչակել:

Սենեկալի աստղ եւ խմբապետ Սատիօ Մանէ օրին իր խումբը համոզած էր դաշտ վերադառնալ: Խումբին անդամները անարդար փենալթիի մը դէմ իբրեւ գանգատ հանդերձարան մեկնած էին: Փենալթին զսպուած էր, եւ երկարաձգումին Սենեկալ կոլ նշանակելով յաղթած էր:

«Ինչ որ տեղի ունեցաւ ամօթ է: Ասիկա այն ֆութպոլը չէ, որուն համար մենք կը պայքարինք, ասիկա ան Ափրիկէն չէ, որուն կը հաւատանք:

Մեր ֆութպոլին մէջ շատ փտածութիւն կայ, եւ այդ մէկը կը սպաննէ միլիոնաւոր համակիրներու ոգեւորութիւնը ամբողջ ցամաքամասին մէջ: Ֆութպոլիստները ամէն ինչ կ՛ընեն դաշտին մէջ, բայց դաշտէն դուրս տրուած որոշումները կը ճշդեն խաղերու եւ մրցաշարքերու արդիւնքը: Ես խորապէս նեղուած եմ ոչ միայն Սենեկալի համար, այլ ամբողջ Ափրիկէի ֆութպոլին համար: Մենք արժանի էինք տիտղոսին: Համակիրները արժանի են արդարութեան, թափանցիկութեան եւ յարգանքի», ըսաւ Մանէ:

Մարոք 3-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուեցաւ` մրցաշարքի կանոններու 84-րդ յօդուածին հիման վրայ (մարզիկներուն դաշտէն դուրս ելլելու պատճառը):

 

Leave a Comment