Տուայթ Հաուըրտ Լքեց Պասքեթպոլը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երբ հերթը իրն էր, ան իր Օրլանտօ Մեճիքի տարազը հանեց եւ տակէն երեւցաւ «սուփըրմեն»-ի տարազը: Վիզին կարմիր կտոր մը հագնելէ ետք, ան վազեց դաշտին կեդրոնէն, եւ ազատ հարուածի գիծէն ետք ցատկեց դէպի կողով, մէկ ձեռքով տանք մը կատարեց եւ ստանալէ ետք 50 կէտ, շահեցաւ 2008-ի «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ Սթար»-ի տանքի մրցումը: Այդ օրէն ան ճանչցուեցաւ «սուփըրմեն» անունով, շնորհիւ իր տիրապետող, ցայտուն եւ անմոռանալի կազմուածքին: Տուայթ Հաուըրտ, որ վերջին անգամ 2022-ին «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ ելոյթ ունեցած էր, լքեց պասքեթպոլը վերջին 3-4 տարիները Թայուանի մէջ քանի մը ելոյթներ ունենալէ ետք:

40 տարեկան Հաուըրտ Օրլանտօ Մեճիքի հետ սկսած էր իր ասպարէզը 2004-էն 2012, ապա մէկ տարեշրջան բոլորելէ ետք Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ, միացած էր Հիուսթըն Ռոքեթցի, Աթլանթա Հոքսի, Չարլոթ Հորնեթցի եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի: 2019-2020 տարեշրջանին անգամ մը եւս Լէյքըրզի հետ խաղցած է եւ դարձած «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան: Տարի մը ետք միացած է Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի եւ վերադարձած Լէյքըրզ` 2021-2022 տարեշրջանին, ուր ձախողելէ ետք փլէյ-օֆի հասնելու մեկնած էր Թայուան, ուր 1 տարեշրջան խաղցաւ, բայց աւելի ուշ մնաց առանց խումբի:

Անոր վերջին ելոյթը եղաւ 2024 յունուարին, Տուպայի միջազգային մրցաշարքին խաղալով Ֆիլիփիան կղզիներու Սթրոնկ Կրուփ խումբին հետ, ուր դարձաւ փոխախոյեան:

Ան բարձր մակարդակի սենթըր էր եւ դարձած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն կրտսեր մարզիկը, որ կ՛ընտրուէր պաշտպանողական լաւագոյն մարզիկ, «Էմ. Վի. Փի.»-ի առաջին 5-էն եւ առաւելագոյն պլոք կատարող մարզիկը: Հաուըրտ Լէյքըրզի հետ շատ երկար չմնաց` միշտ ալ հարց ստեղծելով Քոպի Պրայընթի հետ, որ իր կարծիքով` «շատ կը հարուածէր դէպի կողով»:

Հաուըրտ ասպարէզը լքելու օրը գրած էր. «Այսօր արթնցայ եւ որոշեցի «սուփըրմեն»-էն դուրս գալ… ես գեր մարդ չեմ… ես կու լամ, կը պայքարիմ… ամէն մարդու նման զգացում ունիմ: Սուտերուն մէջէն, մամուլէն եւ ատելութենէն ետք, տակաւին սէր ունիմ եւ կը ժպտամ փոթորիկէն դուրս գալով»:

 

 

Leave a Comment