«Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին օրուան գլխաւոր անակնկալը Լիզպոնի մէջ էր, ուր Փորթուգալի Սփորթինկը 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Նորվեկիոյ Պոտօ Կլիմթը:
Պոտօ Կլիմթ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր երթին, ըստ երեւոյթին տակաւին «գինով» էր այդ յաղթանակով, բան մը, որմէ օգտուեցաւ փորթուգալեան ակումբը` նշանակելով 3 կոլ եւ պարտադրելով երկարաձգում: Երկարաձգման 2 այլ կոլեր անշարժացուցին նորվեկիական ակումբը, որ այսպիսով վերջ տուաւ իր յաջող երթին` հասնելով 1/8-րդ աւարտական:
Քառորդ աւարտականին Սփորթինկ Լիզպոն իր դէմ պիտի ունենայ Արսենալը, որ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պայեր Լեւերքուզընը:
Արսենալ շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ, ուր Էզէ եւ Ռայս ամէն կիսախաղի մէկական կոլեր նշանակեցին` Լոնտոնի ակումբը հասցնելով քառորդ աւարտական:
Մանչեսթըրի մէջ, տեղւոյն սեթին կը հիւրընկալէ 15 անգամ տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտը, որ երթին 3-0 արդիւնքով լայն յաղթանակ արձանագրած էր: Մրցումին առաջին վայրկեաններէն իսկ շատ հետաքրքրական ճակատում մըն էր եղածը, ուր երկկողմանի յարձակումներ տեղի ունեցան: 20-րդ վայրկեանին Վինիսիուս Ժունիորի հարուածը զսպուեցաւ… Սիթիի միջնապահ Պեռնարտօ Սիլվայի ձեռքով, այդ պատճառով ալ ան ստացաւ կարմիր քարտ: Սկիզբը շատեր կարծեցին, որ Վինիսիուսի հարուածը դպած էր Սիթիի բերդի սիւնին, բայց ՎԱՐ-ի կրկնութիւնը դիտելէ ետք իրաւարարը վտարեց Սիլվան եւ փենալթի սուլեց ի նպաստ Ռէալի, որ կոլի վերածեց Վինիսիուս:
Սիթի մրցումը շարունակեց անընդհատ յարձակումներով վտանգելով Ռէալի բերդը մինչեւ 41-րդ վայրկեան, երբ Հաալանտ կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը` քանի մը առիթ կորսնցնելէ ետք:
Աւելի ուշ փենալթիի առիթ կրնար ունենալ Սիթի, երբ գնդակը դպաւ Ռէալի յետսապահ Կարսիայի ձեռքին, բայց… ոչինչ: Բ. կիսախաղին մրցումը կ՛ընթանար կարծէք Ռէալ 10 մարզիկներով կը խաղար, եւ ոչ թէ Սիթին եւ Շերքին, որ առաջին կիսախաղին ցնցած էր Ռէալի բերդին սիւնը, քանի մը առիթ կորսնցուցած, մինչ ՎԱՐ-ը օֆսայտ նկատած էր Ռէալի ստացած երկու կոլերը:
91-րդ վայրկեանին իր կարգին օֆսայտով կոլ մը նշանակելէ ետք, Ռէալ շնորհիւ Վինիսիուսի կրցաւ կոլ մը եւս նշանակել 93-րդ վայրկեանին, երբ արդէն Սիթի անյոյս էր արդիւնքը փոխելու:
Օրուան վերջին մրցումին անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ երթին Չելսիին 5-2 արդիւնքով յաղթած էր, կրկնեց իր յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով:
Վրացի Քվիչա Քվարացխելիա 6-րդ վայրկեանէն նշանակեց Փարիզի կազմին առաջին կոլը, որուն յաջորդեց Պրատլի Պարքոլայի կոլը` 8 վայրկեան ետք:
Սեննի Մայուլու 62-րդ վայրկեանին նշանակեց ֆրանսական կազմին 3-րդ կոլը, մինչ Չելսի կը փորձէր ինքզինք գտնել Բ. կիսախաղին: