Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի նախազգուշացուցած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը կրնայ Ուքրանիան ձգել առանց հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու հայթայթման աղբիւրներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:
«Մենք կրնանք յայտնուիլ կացութեան մը մէջ, երբ դժուարութիւններ պիտի ունենանք մեր երկինքը պաշտպանելու համար հրթիռներ եւ զէնքեր ձեռք բերելու հարցին մէջ: Անոնք ամերիկացիներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն կրնան անհրաժեշտ ըլլալ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար, օրինակ` «Փաթրիոթ» հրթիռները», իտալական «Քորիերէ Տելլա Սերա» օրաթերթին ըսած է Զելենսքի:
Ան նաեւ յայտնած է, որ կայ վտանգ, որ Ուքրանիոյ դաշնակիցները կրնան տարուիլ իրանեան հակամարտութեամբ եւ մոռնալ ռուսական լայնածաւալ ներխուժումէն Ուքրանիոյ պաշտպանութիւնը:
«Ի հարկէ, ատիկա վտանգ է: Սակայն ես յոյսով եմ, որ իրանեան ճգնաժամը պիտի մնայ սահմանափակ գործողութիւն եւ պիտի չվերածուի երկարատեւ պատերազմի: Մենք սեփական փորձառութենէ գիտենք, թէ անիկա որքա՛ն արիւնալի կրնայ ըլլալ», ըսած է Զելենսքի` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ վտանգ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը կրնան մոռնալ Ուքրանիոյ պաշտպանութիւնը` կեդրոնանալով Միջին Արեւելքի վրայ:
Բայց եւ այնպէս, Զելենսքի նաեւ դրական կողմեր փնտռած է: Իրան Ռուսիոյ վաճառած է տասնեակ հազարաւոր «Շահետ» անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք գրեթէ ամէն գիշեր մահացու աւերներ կը գործեն Ուքրանիոյ մէջ:
«Կը կարծեմ` իրանեան զինուորական թիրախները հարուածելը լաւ որոշում էր: Իրանցիները Ռուսիոյ համար շատ զէնք կ՛արտադրեն, յատկապէս անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ, թէեւ չեմ կարծեր, որ անոնք այլեւս պիտի կարենան ատիկա ընել», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը: