Ամերիկեան բանակը երէկ յայտարարեց, թէ Հորմուզի ռազմավարական նեղուցին մօտ իրանեան հականաւային հրթիռներու դիրքերը հարուածած է` օգտագործելով պատնէշները խոցող ռումբեր, որոնք ամերիկեան զինանոցին մէջ հզօրագոյններէն են:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը նշեց, որ Հորմուզի նեղուցին մօտ իրանեան ծովեզերքին վրայ իրանեան հրթիռներու դիրքերուն դէմ 5000 թոն կշռող ռումբեր օգտագործած է:
«Այդ դիրքերուն վրայ գտնուող իրանեան «Քրուզ» հրթիռները նեղուցին մէջ միջազգային նաւարկումին վտանգ կը ներկայացնէին», աւելցուց բանակի հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի հիւսիսային Թաւրիզ նահանգին մէջ «ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ հակաանվտանգութեան ցանցերու» առնչուած շուրջ 75 անձեր ձերբակալուած են:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրանի հիմնական պահանջները չբաւարարող զինադադարի որեւէ ծրագիր անընդունելի պիտի ըլլայ:
Պաշտօնատարը նշեց, որ դիւանագիտական որեւէ լուծում պէտք է ներառէ փոխհատուցումներ, Դիմադրութեան թիրախաւորման դադրեցում եւ Լիբանանէն հեռացում:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցի բացում տեղի պիտի չունենայ, եթէ ամբողջական զինադադար չհաստատուի եւ Իրանի պայմաններու ամբողջական յարգում տեղի չունենայ:
Իրանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ամիր Հաթեմի երէկ խոստացաւ «վճռական» պատասխան տալ իսրայէլեան օդային հարուածով մը Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի սպանութեան:
«Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի ահաբեկման Իրանի պատասխանը վճռական եւ զղջում յառաջացնող պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անոր եւ միւս նահատակներուն արեան վրէժը պիտի լուծուի»:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլի կեդրոնին դէմ արձակած է թեւաւոր հրթիռներու ալիք մը` «Ալի Լարիժանիի եւ անոր ընկերներուն արեան վրէժը լուծելու համար»:
Շարք մը աղբիւրներ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հորմուզի նեղուցին տիրելու զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծէ, անիկա կրնայ պատերազմը երկարաձգել «շաբաթներով եւ թերեւս ալ ամիսներով»:
Քննարկումներուն լաւատեղեակ աղբիւր մը իր կարգին օրաթերթին յայտնած է. «Ատիկա պատերազմի տեւողութիւնը կրնայ երկու ամսուան հասնող ժամանակով երկարաձգել»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին համաձայն, Ծոցի երկիրները կ՛ուզեն, որ Միացեալ Նահանգները պատերազմի աւարտէն առաջ անդամալուծեն իրանեան վարչակարգը:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային ծովային Փարս բնական կազի դաշտը ենթարկուած է ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումի:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իրանի հարաւային կազի կառոյցին վրայ յարձակումը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներուն հետ համակարգուած ձեւով»:
Իսրայէլեան աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Յարձակումը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներուն հետ համակարգուած ձեւով եւ անոնց հաւանութեամբ»:
Աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Իրանի մէջ կազի մշակման գործարանի թիրախաւորումը տնտեսական ենթակառոյցի մը ռմբակոծման առաջին դէպքն է»:
Պատկերասփիւռի կայանը նշեց. «Խոստացուած մագլցումը գործադրուեցաւ Իրանի մէջ կազի մշակման գործարանի թիրախաւորումով»:
Պուշեհրի կառավարիչի տեղակալը յայտնեց, որ Կազի Ասլաուիէի դաշտին մէջ չորս վայրեր իսրայէլեան յարձակումի ենթարկուած են:
Իրանեան զինուորական աղբիւր մը «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կազի Ասլաուիէ դաշտը թիրախաւորելէն ետք, թշնամիին ենթակառոյցը պիտի հարուածենք»:
«Ասլաուիէի դաշտի թիրախաւորումը պատերազմական ոճիր մըն է, որ անպատասխան պիտի չմնայ», նշեց աղբիւրը:
Զախարովա. «Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Հարուածները Իրանի Մէջ Կենսոլորտային Աղէտ Կը Ստեղծեն»
Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի Իրանի դէմ շղթայազերծած արշաւը կը վնասէ շրջակայ միջավայրին եւ կը ստեղծէ կենսոլորտային աղէտ, որ կը սպառնայ ոչ միայն Իրանին, այլ նաեւ յարակից երկիրներուն: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան նշեց, որ ռմբակոծումներուն պատճառով Իրանի մէջ քանդուած շէնքերու թոներով թափօններն ու բեկորները տասնամեակներ շարունակ կենսոլորտային լուրջ մարտահրաւէր պիտի դառնան:
«Պայթումներու արդիւնքներու, քարիւղի հրկիզման, ոչնչացուած սպառազինութեան, զինամթերքի, կենցաղային թափօններու, շինարարական աղբի, քիմիական նիւթերու, անուադողերու, քայքայուող կենսազանգուածի եւ կոյուղիներու ջուրերու շերտը պիտի յանգեցնէ ջերմոցային կազերու աննախադէպ արտանետման, հողի, ստորերկրեայ ջուրերու եւ մերձափնեայ ծովային աւազանի աղտոտուածութեան մակարդակի բարձրացման ոչ միայն Իրանի մէջ, ինչպէս կ՛երեւի կը կարծեն չարակամները, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին մէջ, իսկ յետոյ ատիկա դուրս պիտի գայ շրջանի սահմաններէն», ընդգծեց Զախարովա:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց. «Կը հաստատենք, որ Փարս դաշտին առնչուած ուժանիւթի կառոյցներու թիրախաւորումը համաշխարհային ուժանիւթի անվտանգութեան սպառնալիք կը ներկայացնէ»:
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Ահաբեկչութեան Թիւ Մէկ Հովանաւորը Բեմէն Հեռացնելու»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հարց տուաւ. «Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ իրանեան ահաբեկչական պետութեան մնացորդը ամբողջովին ոչնչացնենք եւ Հորմուզի նեղուցի պատասխանատուութիւնը ձգենք զայն օգտագործող պետութիւններուն: Մենք զայն չենք օգտագործեր»:
«Այդ մէկը գործելու չընդառաջող մեր կարգ մը դաշնակիցները պիտի մղէ արագօրէն շարժելու», նշեց ան:
Թրամփ նշեց. «Իրան, բոլորին համաձայն, կը նկատուի ահաբեկչութեան հովանաւոր թիւ մէկ պետութիւնը, եւ մենք արագօրէն կ՛աշխատինք զայն բեմէն հեռացնելու»:
Արաղչի.«Իրանի Դէմ Պատերազմի Հետեւանքները Բոլորին Վրայ Պիտի Ազդեն»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի զգուշացուց, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ բոլորը պիտի զգան Միջին Արեւելքի պատերազմին հետեւանքները` արեւմուտքցի պաշտօնատարներուն կոչ ուղղելով` այդ պատերազմին ընդդիմանալու:
Արաղչի, մեկնաբանելով Իրանի պատերազմին պատճառով Միացեալ Նահանգներու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամերիկեան ազգային կեդրոնի նախարարի հրաժարականը, յայտնեց. «Համաշխարհային հետեւանքներուն ալիքը տակաւին չսկսաւ եւ բոլորին պիտի հասնի, անկախ հարստութենէն, կրօնէն կամ ցեղէն»:
«Կը հնչեն հետզհետէ յաւելեալ ձայներ, որոնց շարքին եւրոպացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու ձայները, որոնք կը կրկնեն, թէ Իրանի դէմ պատերազմը անիրաւ է: Պէտք է միջազգային ընտանիքի յաւելեալ անդամներ հետեւին անոնց օրինակին», աւելցուց ան:
Արաղչի «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ես կրնամ վստահութեամբ ըսել, որ մենք դրացի երկիրներու քաղաքային կառոյցներուն հարուածներ չենք հասցուցած»:
Ան աւելցուց, որ Իրան կը պատասխանէ Միացեալ Նահանգներու յարձակումին` յարձակելով Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան զինուորական կառոյցներուն վրայ: Միեւնոյն ժամանակ ան ափսոսանք յայտնեց, որ այդ կառոյցները կը գտնուին Իրանի համար բարեկամ երկիրներու տարածքին մէջ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ վստահեցուց, որ Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէին ամբողջովին առողջ է, եւ վիրաւորումէն ստացած վնասուածքները թեթեւ եղած են:
«Որքանով ծանօթ եմ, ան ստացած էր միայն թեթեւ վնասուածքներ, եւ ան նախկինին պէս ամբողջովին առողջ է եւ կը վերահսկէ կացութեան: Տեղեկատուութիւնը, որուն ես կը տիրապետեմ եւ որ կը նկատուի հաւաստի, այն է, որ ան կը գտնուի լիակատար առողջ վիճակի մէջ», ըսած է ան:
Արաղչի նաեւ յայտնեց, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի ահաբեկումը «Իրանի մէջ ղեկավարութեան զգետնիչ հարուած պիտի չհասցնէ»:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը տակաւին չեն գիտակցիր, թէ իրանեան կառավարութիւնը մէկ անձէ կախեալ չէ:
«Գերագոյն ղեկավարէն աւելի կարեւոր անձ չունէինք, սակայն նոյնիսկ անոր նահատակութենէն ետք վարչակարգը իր աշխատանքը շարունակեց եւ անմիջապէս փոխանորդ մը ներկայացուց», ընդգծեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
«Եթէ ոեւէ այլ անձ նահատակուի, նոյնը պիտի պատահի, նոյնիսկ եթէ արտաքին գործոց նախարարը նահատակուի, ապա ի վերջոյ այլ անձ մը պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը», ըսաւ Արաղչի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի ահաբեկումը ահաբեկչական արարք է եւ պիտի չազդէ իրանցիներուն` իրենց անվտանգութիւնը պաշտպանելու վճռակամութեան վրայ»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց, որ Լարիժանիի փոխարինման հաւանական թեկնածուն Սայիտ Ժալիլին է, որ «նոյնիսկ վարչակարգի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն բաղդատմամբ ծայրայեղական կը նկատուի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի երեք խորհրդատուներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ Իսրայէլ պիտի փորձէ ահաբեկել Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետը:
Քաց. «Իրանի Հետախուզութեան Նախարարը Ահաբեկեցինք»
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Իրանի հետախուզութեան նախարար Իսմայիլ Խաթիպի ահաբեկումը յայտարարեց:
Քաց նշեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ որոշեցինք բանակին արտօնութիւն տալ ահաբեկելու որեւէ իրանցի պաշտօնատար` առանց հաւանութեան կարիքի»:
«Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ մեր ղեկավարած պատերազմին մակարդակը պիտի բարձրացնենք», աւելցուց ան:
«Իրանի մէջ ամէն պատասխանատու թիրախ է, անոնցմէ ոչ ոք անձեռնմխելիութիւն ունի», ընդգծեց Քաց:
Հարաւային Թուրքիոյ Մէջ Յաւելեալ «Փաթրիոթ»-ներ
Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի ծագելէն ետք Իրանի կողմէ արձակուած հրթիռներու վնասազերծման դէպքերու կրկնութենէն ետք, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ օդային պաշտպանութեան յաւելեալ «Փաթրիոթ» համակարգեր տեղակայուած են:
«Ատանա քաղաքին մօտ գտնուող ռազմակայանին մէջ կը տեղակայուի մէկ այլ «Փաթրիոթ» համակարգ, որ կու գայ աւելնալու այդտեղ տեղակայուած սպանական «Փաթրիոթ» համակարգին», նշեց պաշտօնատարը:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Իրաքի մէջ Հիւսիսի քարիւղի ընկերութիւնը յայտարարեց, որ թրքական Ճէյհան նաւահանգիստ հասնող խողովակաշարին ճամբով քարիւղի արտածումը երէկ առտու սկսած է:
Նախքան այդ, Իրաքի ուժանիւթի նախարարութիւնը Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի բնական հարստութիւններու նախարարութենէն խնդրած էր Թուրքիոյ Ճէյհան նաւահանգիստին ճամբով օրական 300 հազար տակառի հասնող արտածումը սկսելու, սակայն վերջինս մերժած էր եւ պայմաններ դրած:
Իրաքի քարիւղի նախարարութիւնը նշեց. «Այդ պայմանները կարելի է հետագային քննարկել արտածման վերականգնման զուգահեռ»` աւելցնելով. «Արտածումներու դադրեցման շարունակութիւնը Իրաքը պիտի զրկէ նիւթական եկամուտներէ, որոնք կրնայ նպաստել հարաւային ելքերէն արտածումի դադրեցման փոխհատուցման»:
Ճէյհան նաւահանգիստին ճամբով արտածումը դադրած էր այս ամսուան սկիզբը, երբ արտադրողները Իրանի պատերազմի ընդլայնման լոյսին տակ, առ ի զգուշացում նուազեցուցած էին արտահանումը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ պենզինի կալոնի միջին գինը հոկտեմբեր 2023 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով անցաւ 3,75 տոլարը:
Վառելանիւթի բարձր գիները կ՛ազդեն սպառողներու եկամուտին եւ նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ միջանկեալ ընտրութիւններու նախօրեակին քուէարկողներուն դժգոհութիւնը կը յառաջացնեն, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 2024-ին նախագահ ընտրուած էր սպառողներու ուժանիւթի ծախսերը նուազեցնելուն վրայ կեդրոնացած ընտրարշաւի ճամբով: