Պայրամովի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին Արաղչի. «Որեւէ Երկիր Պէտք Չէ Արտօնէ, Որ Իր Տարածքն Ու Ենթակառոյցները Օգտագործուին Դրացիներուն Դէմ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Թեհրան իրաւունք ունի յարձակելու որեւէ երկրի վրայ, որ Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին տարածք տրամադրած է Իրանի վրայ յարձակումի համար:

«Միջազգային օրէնքին համաձայն, որեւէ պետութիւն իրաւունք չունի իր տարածքն ու կառոյցները այլ պետութիւններու տրամադրելու` յարձակողական գործողութիւններու համար», ըսած է Արաղչի Պայրամովի հետ զրոյցի ընթացքին:

 

Leave a Comment