Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս հինգշաբթի եւ ուրբաթ Հայաստան պիտի այցելէ` Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ շրջանային կապակցուածութիւնը զարգացնելու նպատակով: Լուրը կը հաղորդէ Եւրոպական Միութեան կայքը:
Ուրբաթ օրը Երեւանի մէջ յանձնակատարը պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Քննարկումներու հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան յառաջիկային սպասուող Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վեհաժողովի նախապատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադրական, թուային, ուժանիւթի եւ առեւտրական կապերու ամրապնդումը` համաձայն Եւրոպական Միութեան հաղորդակցութեան զարգացման օրակարգի: Միտքեր պիտի փոխանակուին նաեւ շրջանային իրավիճակի եւ Հայաստանի ժողովրդավարական դիմադրողականութեան հարցերուն շուրջ:
Յանձնակատար Քոս նաեւ պիտի հանդիպի Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ` քննարկելու Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի համար նախատեսուած 270 միլիոն եւրոյի դիմադրողականութեան եւ աճի ծրագիրի յառաջընթացը: Յանձնակատարը պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ` քննարկելու շրջանային վերջին զարգացումները:
Ուրբաթ օրը Գիւմրիի մէջ յանձնակատարը պիտի այցելէ Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումով գործող ձեռնարկութիւններ: Մինչեւ 2024 թուականը միայն Եւրոպական Միութեան ծրագիրները աջակցած են աւելի քան 7.000 հայկական գործառնութիւններու եւ ստեղծած են աւելի քան 20.000 աշխատատեղ:
Յանձնակատարը պիտի այցելէ նաեւ Գիւմրիի պատմական շուկան, որ կը վերականգնի Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումով, ինչպէս նաեւ նորարարական կեդրոն, որ կը խթանէ երիտասարդներու հմտութիւնները արհեստագիտութեան մէջ: