«Ռաֆ-07». Ծառուկեան-Փուլաս Մրցումը Հաստատուեցաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ «ՌԱՖ 07» մրցաշարքի ամբողջ յայտագիրը, ուր հաստատուեցան 5 հիմնական մրցումներ: Գլխաւոր ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ «ՌԱՖ 06» երեկոյի հիմնական մրցումին կրկնութիւնը, ուր «վրէժ»-ի մրցում պիտի ըլլայ Ֆլորիտայի (Միացեալ Նահանգներուն) մէջ:

Ուրեմն սպասուած մրցումը պիտի ըլլայ Արման Ծառուկեան-Ճորճիօ Փուլաս երկրորդ մրցումը: Առաջին մրցումին Արման Ծառուկեան յաղթած էր, բայց մրցումը հազիւ աւարտած զանգուածային ծեծկռտուք տեղի ունեցած էր, որուն պատճառով մենամարտը նկատուեցաւ հեռու` մարզական բնոյթ ունենալէն: «ՌԱՖ» լիկայի ղեկավարութիւնը որոշեց ըմբիշներուն երկրորդ կարելիութիւն տալ` պարզելու յարաբերութիւնները, ռինկին մէջ կատարելով լուրջ մենամարտ:

Երկրորդ կարեւոր մրցումին, «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ախոյեան Քոլպի Քովինկթըն պիտի մրցի Տիլըն Տենեսի դէմ: Տենես, որ իր հօր կողմէ հայկական արմատներ ունի, 32 տարեկան է եւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի «Միսֆիթց» ախոյեանութեան կը մասնակցի: Քովինկթըն 38 տարեկանին աւելի աշխուժ Տենեսի դէմ դժուարութիւն կրնայ ունենալ, մանաւանդ որ Տենիս Ճիու-Ճիթսուի ձեւի մենամարտի վարպետ է եւ ոսկի մետալ շահած 2016-ին` Քալիֆորնիոյ մէջ:

Երեկոյեան տեղի պիտի ունենան այլ մենամարտեր ալ, ուր Ողիմպիականի ախոյեան Քայլ (Սնայտեր ազատ ոճի ըմբշամարտ) պիտի մրցի այժմու ամէնէն ուժեղ ծանր կշիռի մենամարտիկներէն Ահմետ Թաժուտինովի դէմ:

 

Leave a Comment