«Էն. Պի. Էյ.» Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

Երէկ, Օքլահոմայի մէջ, Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 63 տարուան մրցանիշ մը բարելաւեց, երբ յաջորդական 127-րդ մրցումը ըլլալով 20 կէտերէ աւելի նշանակեց:

Ուիլթ Չեմպերլէյնի մրցանիշը անգերազանց կը մնար 1963-էն ի վեր, եւ կը կարծուէ թէ Շէյ պիտի չկարենայ զայն բարելաւել: Ան որեւէ կէտ չէր նշանակած առաջին մասի 6 վայրկեաններուն, բայց 10 կէտ կրցաւ ձեռք ձգել, եւ մինչեւ կիսախաղ` 17:

Կիլճիըս-Ալեքսանտր, որ «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած էր անցեալ եղանակին, շատ կայուն մարզիկ մըն է վերջին երկու տարիներուն եւ կրնայ Թանտըրը անգամ մը եւս դէպի ախոյեանութիւն գլխաւորել: Անցեալ տարի ան շահած էր նաեւ կէտեր նշանակելու դասաւորումը եւ այս տարի կը գրաւէ 2-րդ դիրքը, մինչ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր լաւագոյն արդիւնքներով խումբն է առայժմ:

3-րդ մասին է, որ Շէյ կրցաւ մրցանիշը կոտրել, երբ Պէյլըր Շէյըրմենի վրային «ճամփըր»-ով նշանակեց Պոսթըն Սելթիքսի դէմ:

Շէյ 35 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թանտըրի, որ 104-102 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Պոսթըն Սելթիքսին, որուն աստղերէն Ճէյլըն Պրաուն 34 կէտ նշանակեց:

Սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ 51 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, որ 142-130 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիքակօ Պուլզը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 131-109
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆինիքս Սանզ 108-123
Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 136-131
Աթլանթա Հոքս – Պրուքլին Նեթց 108-97
Մայեմի Հիթ – Միլուոքի Պաքս 112-105
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տալաս Մեւրիքս 112-120
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տենվըր Նակեթց 131-136
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Պոսթըն Սելթիքս 104-102
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Շիքակօ Պուլզ 142-130

 

Leave a Comment