Վաղը առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Շանկհայի միջազգային շրջավազքին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Ֆորմիւլա 1»-ի 2026-ի երկրորդ կրան փրին:
Այսօր առաւօտ տեղի կ՛ունենայ սփրինթի մրցումը` ժամը 5:00-ին (առաւօտուն), այս մրցումը պիտի ըլլայ 2026-ի առաջինը:
Չինաստանը շրջավազքը, որ կառուցուած է 2003-ին, շատ հաճելի կրան փրի մըն է, ուր վարորդները ընդհանրապէս կը վայելէին այս շրջավազքի ճամբաները, որոնք կը սկսին արագ ուղիղ ճամբով, որմէ ետք նեղ 2 դարձուածներ, ապա վարորդներու սիրած 7-րդ եւ 8-րդ դարձուածքները շատ զօրաւոր «Ճի. Ֆորս»-ով (բարձր ձգողութեան ուժ), մինչ այս շրջավազքը ունի նաեւ 1,2 քմ երկար ուղիղ ճամբայ մը, որ 13-րդ եւ 14-րդ դարձուածքները կը բաժնէ: 56 շրջաններէ բաղկացած այս կրան փրիի շրջավազքին երկարութիւնը 305,066 քմ է, եւ ամէնէն արագ շրջանի մրցանիշը կը պատկանի Միքայէլ Շումախըրի, որ 2004-ին նշանակած է 1:32.238 վայրկեան, որ դժուար թէ բարելաւուի այժմ, մանաւանդ որ այժմու ինքնաշարժները համեմատաբար աւելի տկար ուժ ունին, որ բաժնուած է 50 տոկոս վառելանիւթի ուժի եւ 50 տոկոս ելեկտրականութեան ուժի:
Անցեալ շաբթուան առաջին կրան փրիին զգալի էր, որ «Մերսետես» յստակ առաւելութիւն ունէր իր մրցակիցներուն վրայ, ուր «Ֆեռարի» միայն կրնայ լրջօրէն մրցիլ անոր դէմ, մինչ զգալի է, որ «Մաքլարեն» եւ «Ռետ Պուլ» քայլ մը եւս ետ կը մնան «Մերսետես-Ֆեռարի» զոյգէն: