Ըմբշամարտ. Երիտասարդներու Եւրոպայի Ախոյեանութեան Յունահռոմէական Ըմբշամարտի Յայտագիրը

Այսօր, Սերպիոյ Զրենեանին քաղաքին մէջ կը սկսի 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը:

55 քկ կշիռի իր առաջին մենամարտին, Մանուէլ Խաչատրեան պիտի մրցի ուքրանացի Իւան Սթեֆանսքի դէմ:
63 քկ կշիռի իր առաջին մենամարտին Արմէն Սուքիասեան պիտի մրցի ուքրանացի Մաքսուտ Սուլթանովի դէմ:
77 քկ կշիռի իր առաջին մենամարտին Սամուէլ Տէրտէրեան պիտի մրցի հունգարացի Տոմինիք Փոթոշի դէմ:
87 քկ կշիռի իր առաջին մենամարտին, Վիգէն Նազարեան պիտի մրցի Վրաստանի ներկայացուցիչ Աչիկօ Պոլքվածէի դէմ:
130 քկ կշիռի իր առաջին մենամարտին, Արամայիս Յարութիւնեան պիտի մրցի Աւստրալիոյ ներկայացուցիչ Լէոնհարթ Եունգերի դէմ:
60 քկ կշիռի իր առաջին մրցումին, Սուրէն Աղաջանեան պիտի մրցի Իլիան Այնաոփի (Ֆրանսա) դէմ:
67 քկ կշիռի մրցումներուն, Եուրիկ Յովէեան պիտի մրցի Մատուշ Եանքովիչ (Չեխիա) – Փերս – Իտալ Տիմիրպիեւի (Նորվկիա) մրցումին յաղթականին դէմ:
Աշոտ Խաչատրեան (72 քկ) իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ Ժոաօ Տուարտէ (Փորթուգալ) – Օսման Քէօչմեն (Թուրքիա) մրցումին յաղթականին դէմ:
82 քկ կշիռի մրցումներուն, Մարտիկ Պետրոսեան պիտի մրցի Մոնթենեկրոյի ներկայացուցիչ Մաթիա Ռատոյեւիչի դէմ:
97 քկ կշիռի իր առաջին մրցումին, Ռուբէն Գէորգեան պիտի մրցի Էսթոնիոյ ներկայացուցիչ Ռոպին Ուսփենսքիի դէմ:

 

Leave a Comment