Այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն գծով կարեւոր մրցումներ:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ եւ Մանչեսթըր Սիթի համեմատաբար դիւրին մրցակիցներ ունին` Էվըրթընը եւ Ուեսթ Համը յաջորդաբար, բայց 3-րդ դիրքի հիմնական պայքարի մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ Ասթոն Վիլան:
Նոյն կէտերը ունեցող երկու խումբերը վաղը ժամը 16:00-ին պիտի մրցին «Օլտ Թրաֆորտ»-ի մէջ, ուր «Կարմիր սատանաներ»-ը շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ թեկնածու են յաղթանակ մը եւս տօնելու:
Երթին Ասթոն Վիլա Պերմինկհամի մէջ կրցած էր 2-1 արդիւնքով յաղթել, բայց Ասթոն Վիլայի մակարդակը վերջերս շատ համոզիչ չէ, եւ վերջին 6 մրցումներուն միայն 1 յաղթանակ կրցած է արձանագրել 3 պարտութիւններու եւ 2 հաւասարութիւններու կողքին:
Գերմանիոյ մէջ, այսօր Պայերն Միւնիխ բաւական դժուար մրցում մը ունի կատարելիք Պայեր Լեւերքուզընի դաշտին վրայ:
Հաւասարութիւններու «վարպետ» Պայեր Լեւերքուզըն բաւական լաւ կրնայ պաշտպանուիլ, բան մը, որ քանի մը օր առաջ փաստեց Անգլիոյ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալի հետ նոյն դաշտին` «Պայարենա»-ի (Լեւերքուզըն) մէջ:
Երթին Պայերն 3-0 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր, բայց Լեւերքուզըն իր փորձառու մարզիչ դանիացի Քասփեր Եուլմանի հետ բաւական բարելաւեց իր խաղաձեւը եւ տարեշրջանի սկիզբը բաւական ետ մնալէ ետք այժմ կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ:
Իտալիոյ մէջ, 7 կէտերու առաւելութեամբ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ 7-րդ դիրքը գրաւող Աթալանթան: Այս վերջինս ճիշդ է, որ քանի մը օր առաջ 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Պայերն Միւնիխէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն, բայց «Սերի Ա.»-ի գծով բաւական լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգէ: Բ. դիրքը Ա. Սէ. Միլան պիտի մեկնի մայրաքաղաք` մրցելու համար Լացիօ Ռոմայի դէմ: Լացիօ 10-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Միլանի Ռոսոներին աւելի հաւանականութիւն ունի յաղթելու` մօտ մնալով իր դրացի-թշնամի Ինթերին:
Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ 14-րդ դիրքը գրաւող Սեւիլիան, մինչ Ռէալ Մատրիտ, որ 4 կէտերով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պարսելոնայէն, պիտի հիւրընկալէ 17-րդ դիրքը գրաւող Էլչէն:
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 26-րդ հանգրուանին գծով Փարիզ Սեն Ժեմեն – Նանթ մրցումը, որ սկզբունքով վաղը տեղի պիտի ունենար, յետաձգուեցաւ, որպէսզի «Չեմփիընզ լիկ»-ի անցեալ տարուան տիտղոսակիրը աւելի լաւ պատրաստուի երեքշաբթի օր տեղի ունենալիք Չելսիի դէմ դարձի մրցումին: