Նոա Շահեցաւ Հայաստանի Գերբաժակը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայաստանի գործող ախոյեան Նոա ակումբը շահեցաւ Հայաստանի գերբաժակը` փենալթիներով յաղթելէ ետք Արարատ – Արմենիա խումբին:

Թրեպըլ իրագործեց Նոա, որ շահեցաւ 2025-ի գերբաժակը` շահելէ ետք ախոյեանութիւնն ու բաժակի մրցաշարքը:

Մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 2025-ին, բայց որովհետեւ Նոա կը մասնակցէր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ»-ին, անոր մրցումներու օրացոյցը «լեցուն» էր:

Արարատ – Արմենիա ինք էր, որ բացաւ մրցումին հաշիւը, երբ միջնապահ Զիտան Պանճաքի (Կինէ Պիսաօ) Հիւսէյն նշանակեց, կիսախաղ չեղած Նոա հաւասարեցուց արդիւնքը` շնորհիւ փորթուգալցի Հելտեր Ֆիրէյրայի, որ փենալթիով նշանակեց:

Նոա իր 4 հարուածներն ալ կրցաւ նշանակել փենալթիի կէտէն, մինչ Արարատ – Արմենիայէն Արայիկ Էլոյեան (Նոայի բերդապահը զսպեց) եւ Ժիրայր Շաղոյեան կորսնցուցին իրենց առիթները` առիթ չտալով Նոայի 5-րդ հարուածին:

Նոայի համար այս բաժակը եղաւ իր պատմութեան 5-րդը: Ակումբը նախ «Արցախ» անունով հիմնուած էր 2017-ին եւ անմիջապէս բարձրացած բարձրագոյն դասակարգ: Ձախող տարեշրջանէ մը ետք ակումբը ձեռք ձգեց Կարէն Աբրահամեան, որ 2019-ին ակումբին անունը կոչեց Նոա:

2018-2019 տարեշրջանին Նոա այս տարուան նման Արարատ – Արմենիա ակումբին դէմ փենալթիներով յաղթեց:

2024-2025 տարեշրջանին Նոա շահեցաւ ախոյեանութիւնն ու բաժակի մրցաշարքը: Նշենք, որ 2020-ին ալ Նոա շահած էր գերբաժակը:

 

 

Leave a Comment