ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայ գաղթականները ապաստանեցան Սուրիոյ զանազան քաղաքներուն, մասնաւորաբար Հալէպի եւ Տէր Զօրի մէջ: 1923-ին մեծ մաս մը գաղթականներ հասան Լիբանան` Պէյրութի նաւահանգիստի ու Քարանթինայի շրջանը, եւ հոն հաստատուեցան: Այս զանգուածը ժամանակի ընթացքին դիմագրաւեց զանազան հարցեր եւ ներքին խնդիրներ` դժգոհութիւն պատճառելով Լիբանանի կառավարութեան եւ շրջապատի բնակչութեան:
Ուստի 1929-ին Ազգերու լիկային եւ առաջնորդարանի կարգադրութեամբ մաս մը գաղթականներ փոխադրուեցան Պէյրութի գետին ձախ կողմը գտնուող պարտէզներու շրջանը, իսկ մաս մըն ալ` Էշրեֆիէի բարձունքին գտնուող Քարմ Զէյթունի ձիթենիներու պարտէզներու շրջանը: 1929-ին Ազգերու լիկայի Լիբանանի լիազօր գործավար Պիւռնիէի ջանքերով կազմուեցաւ Հայաշէն թաղը եւ ժողովուրդին կողմէ կոչուեցաւ Ղրմըզը ղազխ (կարմիր ցիցեր), որովհետեւ իւրաքանչիւր հողաշերտ (64,5 քառ. մ) մէկը միւսէն բանժնուած էր կարմիր ցիցերով: Հետագային թաղին անունը Հայաշէն դրուեցաւ: Վկայութիւններ կան այն մասին, որ Հայաշէն անունը պատահականութեան արդիւնք կամ նախասիրութիւն չէ: Պոլսահայ Հայկ Գալենտերեան նախաձեռնողը կ՛ըլլայ այս բլուրի հողի գնման եւ անհատական միջոցներով ու օժանդակութեան զօրավիգ կը կանգնի նիւթական դժուարութիւն ունեցող հայերուն, որպէսզի կարենան հողաբաժին մը ճարել եւ տուներ կառուցել: Հայկ Գալենտերեանի զոհողութիւնը մեծապէս կը գնահատուի, թաղն ալ նախ կը կոչուի Հայկաշէն, ապա կը վերածուի Հայաշէնի:
Տեղացիները այդ շրջանը կը կոչեն Քարմ Զէյթուն, քանի որ շրջանը ձիթենիներով ծածկուած էր:
1931-ին կը կազմուի թաղին առաջին հոգաբարձութիւնը` զբաղելու համար թաղին զանազան ազգային գործերով` հետեւեալ կազմով. Դաւիթ Տարագչեան, Համազասպ Տէր Խաչատուրեան, Միսակ աղա Աւետիսեան, Խաչատուր Ոսկերիչեան եւ Պետրոս Ծառուկեան:
Կազմուեցան նաեւ թաղային յանձնախումբեր, որուն մաս կազմեցին թաղի ազգայիններէն` Արթին աղա Բանիկեան, Պօղոս աղա Կարմիրեան, Յովհաննէս (Հաճի պէյ) Նիկողոսեան, Ռուբէն Շամլեան, Մարգար Մխճեան, Կիրակոս Էօճիւրեան:
Ուստի Հայաշէնի շրջանը կազմուեցաւ գլխաւորաբար երկու փողոցներէ, որոնց կողքին կային նաեւ կողմնակի փոքր փողոցներ:
Առաջին փողոցը կ՛երկարի Սուրբ Սէյտէ եկեղեցիէն վար աջին առաջին փողոցէն մինչեւ եկեղեցի եւ դպրոցը` Թորգոմեան ազգային վարժարան, եւ անկէ վար ձորի շրջանը, ուր կը բնակէին ընդհանրապէս հայախօս ընտանիքներ: Երկրորդ փողոցը աւելի երկար էր, ուր կը բնակէին ընդհանրապէս կիլիկեցիներ, որոնց տուներուն մէջ ընդհանրապէս կային տարեցներ, որոնք թրքախօս էին, բայց պէտք է ըսել, որ երկրորդ սերունդը մեծամասնութեամբ հայախօս էր: Մենք Հայաշէնի թաղերուն մէջ թրքախօսներու չէինք հանդիպեր, մանաւանդ որ աշակերտութիւնը կը յաճախէր Ազգային Թորգոմեան վարժարան եւ Հայ աւետարանական վարժարան, որ նոյն փողոցին վրայ էր: Հոս տեղին է յիշել, որ երկու դպրոցներուն տնօրէնները չափազանց խստապահանջ էին հայոց լեզուի գործածութեան:
Շրջանին երրորդ փողոցը կը սկսէր երկրորդ փողոցի բարձունքի վերջաւորութենէն եւ կ՛իջնէր դէպի ձոր` հասնելով մինչեւ երկաթուղագիծ, որուն աջին կը գտնուէր Խալիլ Պետեւի թաղը: Այս շրջանին մէջ կը բնակէին մեծամասնութեամբ քեսապցիներ:
Կային նաեւ քովընտի փոքր փողոցներ: 1970-ին Հայաշէնի առաջին փողոցը պետութիւնը անուանեց «Արարատ» փողոց, իսկ երկրորդը` «Անդրանիկ» փողոց:
1950-1960-ական թուականներուն Հայաշէնի մուտքին աջ կողմը գտնուող բացութեան մէջ կար ընդարձակ պարտէզ մը` իր ագարակով, որուն պատասխանատուն մեր շրջանի կաթի եւ բանջարեղէնի մատակարարն էր: Իսկ Թորգոմեան վարժարանէն դէպի աջ կողմի ձորը իջնող հողէ աստիճաններով կ՛իջնէինք դպրոցին ընդարձակ մարզադաշտը, ուր աշակերտները կ՛ունենային իրենց մարզանքի դասերը, եւ հոս էր, որ տեղի կ՛ունենային մարզական խաղերը եւ տարեկան մարզահանդէսները: Այսօր այդ դաշտը կիսուած է, մաս մը ճամբու գացած է, եւ մաս մըն ալ պարապ է ու յանձննուած է Ազգային առաջնորդարանին: Իսկ Հայաշէնի աջին գտնուող ագարակը եւ պարտէզները վերցուած են, եւ այդ հողամասը, երկար ատեն իբրեւ կառատուն գործածուելէ ետք, այսօր հոն սկսած է Յոյն ուղղափառ եկեղեցին համալսարան մը կառուցել:
1955-1960-ականներուն այս շրջանի հողաշերտերը ծախուեցան եւ բարձրադիր շէնքեր կառուցուեցան: Շրջանի բարեկեցիկ ընտանիքներ այդ շէնքերէն յարկաբաժիններ գնեցին եւ մինչեւ օրս հոն կը բնակին` ընդարձակելով շրջանը:
Իսկ Հայաշէնը շրջապատող ձորի հողաշերտերը կարգ մը թաղեցիներ գնեցին եւ բնակարաններ շինեցին:
Հետաքրքրական է նաեւ յայտնել, որ Հայաշէնի հողաշերտերէն որոշ բաժիններ յատկացուած էին Համազգայինի Ճեմարանի շինութեան, ընդարձակ հողաշերտ մըն էր: Երբեմն, կիրակի օրերը, Նիկոլ Աղբալեան կու գար, կը նայէր հողաշերտին, բան մը կը գծէր եւ կը մեկնէր: Սակայն կարելի չեղաւ այդ ծրագիրը իրականացնել եւ հոն շինել Ճեմարանը: