«Իրան Չի Կրնար Մասնակցիլ Մոնտիալին» Կ՛ըսէ Իրանի Մարմնակրթութեան Նախարարը

Իրանի մարմնակրթութեան նախարար Ահմետ Տոնեամալի յայտնեց, որ Իրան չի կրնար մասնակցիլ 2026-ի մոնտիալին, մանաւանդ որ հիւրընկալ երկիրներէն մէկը` Միացեալ Նահանգներ, օդային յարձակումներ կազմակերպեցին երկրին դէմ` ահաբեկելով հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին:

«Նկատի ունենալով, որ այս փտած վարչակարգը ահաբեկեց մեր հոգեւոր գերագոյն պետը, ոչ մէկ պարագայի տակ կրնանք մասնակցիլ Մոնտիալին:

Մեր զաւակները ապահով չեն, եւ էականօրէն այսպիսի վիճակի մէջ անոնց մասնակցութիւնը կարելի չէ», ըսաւ ան:

«Ատելութեան այսպիսի հոսանքի մէջ, որ կը սփռեն Իրանի դէմ, վերջին 8-9 ամիսներուն անոնք երկու պատերազմներ պարտադրեցին մեր դէմ` սպաննելով հազարաւոր իրանցիներ: Այս պատճառով մենք վստահաբար պիտի չմասնակցինք», յայտնեց ան:

Աւելի քան 1.300 իրանցի խաղաղ բնակիչներ սպաննուած են Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի յարձակումները սկսելէն ի վեր անցեալ 28 փետրուարին, ըստ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպան Ամիր Սէյիտ Իրաւանիի:

Նշենք, որ Իրան մաս պիտի կազմէր Է. խմբակին, Պելճիքայի, Եգիպտոսի եւ Նոր Զելանտայի հետ: Իրանի երեք մրցումներն ալ պիտի կատարուէին Միացեալ Նահանգներու մէջ (2 հատ Լոս Անճելըսի եւ 1 Սիեթըլի մէջ):

Իրան, որ Ասիոյ զտումի մրցումներուն գերազանց արդիւնք արձանագրած էր, անցեալ մարտէն իսկ ապահոված էր Մոնտիալի իր տոմսը: Ան միակ բացական էր ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած Մոնտիալի մասնակից երկիրներու ժողովին` անցեալ շաբաթ Աթլանթայի մէջ:

Անմիջական յայտարարութիւն չարձանագրուեցաւ Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կամ ՖԻՖԱ-ի կողմէ:

Ըստ ՖԻՖԱ-ի օրէնքներուն, մոնտիալի իրենց դիրքերը ապահոված այն երկիրները որոնք կը քաշուին առնուազն 30 օր առաջ (Մոնտիալէն), տուգանքի կրնան ենթարկուիլ առնուազն 250 հազար զուիցերիական ֆրանքով:

«Պատժական միջոցները կրնան ներառել յաջորդ Մոնտիալի մասնակցելու իրաւունքէն զրկել եւ մասնակից երկիրը փոխարինել այլ երկրի ազգային խումբով մը», նշուած է ՖԻՖԱ-ի օրէնքներուն մէջ:

Աւելի կանուխ, ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտարարած էր, թէ տեսակցութիւն ունեցած է նախագահ Թրամփի հետ, եւ այս վերջինը ոչ մէկ արգելք ունի Իրանի մասնակցութեան:

Leave a Comment