«Հայփ Պրազիլ». Արման Ծառուկեան Յաղթեց

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի հայ մարտիկ Արման Ծառուկեան «Հայփ Պրազիլ» մրցաշարքին իր յաջորդական կրեփլինկի մենամարտը ունեցաւ եւ յաղթեց:

Ծառուկեան կը մրցէր «Եու. Էֆ. Սի.»-ի այլ մարզիկի մը` Մոհամետ Մոգայեւի դէմ:

Ճիշդ է, որ անոնք տարբեր կշիռքներու մարզիկներ են, ուր Արման Ծառուկեան թեթեւ կշիռի մարզիկ է, իսկ Մոգայեւ` գերթեթեւ, սակայն մենամարտը լարուած եւ «տաք» էր: Արման Ծառուկեան, ինչպէս բոլորը կը սպասէին, շատ յարձակողական եւ կարծր ելոյթ ունեցաւ եւ 7-րդ վայրկեանին կրցաւ խեղդելու հնարքով աւարտել մենամարտը, երբ մրցակիցը «յանձնուեցաւ»:

10 վայրկեան նկատի առնուած էր այս մենամարտին համար, որ «սապմիշըն օնլի» (յանձնուելով աւարտ) կանոններով էր:

Այս յաղթանակէն ետք, Արման Ծառուկեան ստացաւ «Հայփ Էֆ. Սի.»-ի ախոյեանի գօտին եւ անմիջապէս մարտահրաւէր նետեց Չարլզ Օլիվէյրային, որպէսզի յաջորդ «Հայփ» մրցաշարքին Սան Փաուլոյի մէջ գօտիին համար մենամարտին:

Հետաքրքրականը այն է, որ անոնց մենամարտը կրնայ տեղի ունենալ նաեւ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մէջ «Պի. Էմ. Էֆ.» գօտիին համար, զոր Օլիվէյրա շահած էր անցած շաբաթավերջին: Սակայն մինչեւ այդ հանդիպումը, համակիրները կրնան տեսնել նոյն մարտիկները իրար դէմ` կրեփլինկի կանոններով:

Նշենք, որ 28 մարտին Ֆլորիտայի մէջ Ծառուկեան մենամարտ մը եւս ունի կատարելիք «Ռաֆ-07» մրցաշարքին գծով, ուր վերստին պիտի մրցի Ճորճիօ Փուլասի դէմ` ազատ ոճի ըմբշամարտի կանոններով:

 

 

Leave a Comment