Պանքոքի (Թայլանտ) մէջ տեղի ունեցած «Ֆիուչըրզ քափ» 19 տարեկանէն վար միջազգային մրցաշարքին, 65 քկ կշիռի մրցումներու իր առաջին ելոյթին Սուրէն Կատվալեան յաղթանակով սկսաւ:
Կատվալեան, որ կը մրցէր Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչին դէմ, Բ. ռաունտին քանի մը անգամ մրցակիցին նաք-աութներ ընելէ ետք կրցաւ յաղթել, երբ իրաւարարը ընդմիջեց ելոյթին:
Հայ բռնցքամարտիկի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Աարոն Ճենքինզ:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչ` Կարէն Զախարեան (60 քկ) իր երրորդ մրցումին պարտութիւն կրեց ուքրանացի իր մրցակիցէն եւ 5-0 արդիւնքով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Նշենք, որ «Ֆիուչըրզ քափ» 19 տարեկանէն վար այս մրցաշարքը կը հանդիսանայ իբրեւ զտումի մրցում` ամառնային պատանեկան ողիմպիական խաղերու համար: