Իսրայէլեան ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ մեզի փոխանցեցին պատգամներ, թէ մտադիր չեն Իրանի դէմ պատերազմին հիմա վերջ տալ»:
Ամերիկեան աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Թրամփ խանդավառ է պատերազմը առնուազն 3-էն 4 յաւելեալ շաբաթ շարունակելու` նախքան որոշում մը տալը»:
Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը նաեւ հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ըսած է. «Ոչ ոք կրնայ վստահաբար ըսել, թէ Տանըլտ Թրամփին այս պատերազմէն ուզածը ի՛նչ է»:
Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը աղբիւրներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ պատերազմի առաջին ժամերուն Քուէյթի մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ իրանեան յարձակումը աւելի դաժան էր, քան ինչ որ նախապէս յայտարարուեցաւ:
Աղբիւրներուն համաձայն, ամերիկացի զինուորներու շարքերուն մէջ զոհերու կողքին տասնեակներ վիրաւորուեցան, եւ հարցը անդամահատում պահանջեց, իսկ աւելի քան 30 զինուորներ կը շարունակեն հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի ենթարկուիլ:
Իտալիա յայտարարեց, թէ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ իր զինուորական ռազմակայանը յարձակումի ենթարկուած է, սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէի երէկ պատկերասփիւռի ճամբով պատգամ մը յղելով յայտնեց. «Դրացի երկիրներուն հետ բարեկամութեան կը հաւատանք, սակայն ստիպուած ենք շարունակել անոնց մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանները թիրախաւորել»:
«Պէտք է շարունակել, իբրեւ ճնշումի միջոց, Հորմուզի նեղուցը փակել», նշեց ան:
«Թշնամիին գործած ոճիրներուն, մասնաւորաբար Մինապի դպրոցի ոճիրին վրէժը լուծելէ ետ պիտի չկանգնինք», յայտնած է Խամենէի:
«Ժողովուրդը պէտք է ուժեղ կերպով ներկայ ըլլայ բոլոր մարտադաշտերուն մէջ` թշնամիներու բոլոր ծրագիրները ձախողութեան մատնելու համար», նշեց ան:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հուսիներուն, Հըզպալլային եւ իրաքեան զինեալ խմբաւորումներուն: «Զոհաբերող Հըզպալլան թիկունք կանգնեցաւ Իսլամական Հանրապետութեան` հակառակ բոլոր արգելքներուն», ըսաւ ան:
«Դիմադրութեան առանցքին գործակցութիւնը իսրայէլեան սադրանքէն փրկուելու ճամբան կը կարճեցնէ», յայտնեց Խամենէի:
«Թշնամիէն փոխհատուցում պիտի պահանջենք, եւ եթէ մերժէ, անոր սեփականութիւնները պիտի առնենք», յայտարարեց Խամենէի:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը յայտնեց. «Պատրաստ ենք մեր բոլոր դրացիներուն հետ բարեկամական ու ազնիւ յարաբերութիւններ հաստատելու»:
«Եթէ պատերազմական իրավիճակը շարունակուի, գործի պիտի լծուին ճակատներ, ուր թշնամին փորձառութիւն չունի», շեշտեց Խամենէի:
«Թշնամին շրջանին մէջ իր ռազմակայանները օգտագործեց մեր դէմ յարձակելու համար: Այդ ռազմակայանները թիրախաւորեցինք եւ ստիպուած ենք շարունակելու», ըսաւ ան:
«Այս վրիժառութիւնը յեղափոխութեան նահատակուած ղեկավարով չի սահմանափակուիր, այլ նահատակուած իւրաքանչիւր անձ վրիժառութեան թղթածրարին մէջ անկախ հարց կը ներկայացնէ», յայտնեց Խամենէի:
Մոջթաբա Խամենէի Վիրաւորուած Է
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց, որ Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէին վիրաւորուած է, սակայն անոր վիճակը բաւարար կը գնահատուի:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետը ոտքերէն վիրաւորուած է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի իտալական «Քորիերէ Տելլա Սերա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ երկրի նոր գերագոյն ղեկավարը պատերազմի սկիզբը վիրաւորուած է, սակայն անոր վիճակը լաւ է:
Պաղայի նշած է, որ հակառակ ստացած վնասուածքներուն, Խամենէին ինքզինք լաւ կը զգայ եւ կը շարունակէ ղեկավարել երկրին գործերը:
Ան նաեւ նշած է, որ նոր գերագոյն ղեկավարի պաշտօնին համար պայքարած են երեք կամ չորս թեկնածուներ, սակայն Մասնագէտներու խորհուրդի մեծամասնութիւնը զինք ընտրած է:
Պաղայի ընդգծած է, որ Իրան չի պատրաստուիր անարձագանգ ձգել Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի` երկրի ղեկավարութեան եւ զինուորական կառոյցներու դէմ կատարած գործողութիւնները:
Քալիպաֆ. «Իրանեան Կղզիներուն Վրայ Որեւէ Յարձակում Ինքնազսպումի Բոլոր Ձեւերուն Վերջ Պիտի Տայ»
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ զգուշացուց, որ իրանեան կղզիներուն վրայ որեւէ յարձակում վերջ պիտի տայ ինքնազսպումի բոլոր ձեւերուն:
Քալիպաֆ յայտնեց, որ Իրան պիտի հրաժարի ինքնազսպումի բոլոր ձեւերէն, եթէ իր կղզիները յարձակումի ենթարկուին` աւելցնելով, որ իր երկիրը «Ծոցի ջուրերը ներխուժողներուն արիւնը պիտի հոսեցնէ»:
«Ամերիկացի զինուորներուն արիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական պատասխանատուութիւնը պիտի ըլլայ», աւելցուց Իրանի խորհրդարանի նախագահը:
ՄԱԿ–ի Ապահովութեան Խորհուրդի Բանաձեւ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց բանաձեւ մը` Իրանէն պահանջելով արաբական երկիրներուն վրայ իր յարձակումները դադրեցնել:
Փաստաթուղթին թեր քուէարկեց 13 երկիր: Ռուսիան եւ Չինաստանը մնացին ձեռնպահ:
ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա յայտարարեց. «Միջին Արեւելքի պետութիւններուն վրայ Իրանի յարձակումները դատապարտող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւի հեղինակները կ՛առաջարկեն աչք փակել Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ չհրահրուած յարձակումին վրայ:
«Եթէ բանաձեւը միջազգային գործերէն անտեղեակ մարդ մը կարդայ, անոր մօտ անխուսափելիօրէն տպաւորութիւն պիտի ստեղծուի, թէ Թեհրան սեփական կամքով եւ չարամտութենէ մղուած յարձակում գործած է արաբական երկիրներուն վրայ: Բուն Իրանի տարածքին հասցուող հարուածները, ալ չխօսելով անոնց մասին, որոնք կանգնած են ատոնց ետին եւ զանոնք կը կատարեն, փաստաթուղթին մէջ ոչ թէ չեն քննարկուիր, այլ պարզապէս կը շրջանցուին», ըսաւ Նեպենզիա:
Ան աւելցուց, որ բանաձեւը կրնայ նոյնիսկ մեկնաբանուիլ իբրեւ արտօնութիւն` շարունակելու Իրանի վրայ յարձակումը: «Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներ աշխուժօրէն կ՛օգտագործէ շրջանին մէջ իր ռազմակայանները ոչ թէ պաշտպանական, այլ յարձակողական նպատակներով», ընդգծեց Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչը:
«Ուաշինկթընը իր յարձակողական գործողութիւններով, ըստ էութեան, պարզապէս հարուածի տակ դրած է Ծոցի պետութիւնները: Որդեգրուած բանաձեւը ի վիճակի չէ հասնիլ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ խաղաղութեան: Անիկա միայն պիտի խորացնէ հիմնական դերակատարներուն միջեւ տարակարծութիւնները», նշեց Նեպենզիա:
Նախքան այդ, Ապահովութեան խորհուրդը մերժեց Ռուսիոյ ներկայացուցած փաստաթուղթը, որ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէր անյապաղ դադրեցնելու Միջին Արեւելքի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս զինուորական գործողութիւնները: Նախագիծը նաեւ կը դատապարտէր քաղաքայիններուն դէմ ուղղուած բոլոր յարձակումները եւ մագլցումի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէր` դիւանագիտութեան վերադառնալու:
Ռուսիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը Միջինարեւելեան Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Շրջանի Անվտանգութիւնը
Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալալի յայտարարած է. «Միջին Արեւելքի պետութիւններու անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն շրջանային տէրութիւնները, եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգները»:
«Թէ՛ արաբական, թէ՛ իսլամական պետութիւնները պէտք է հասկնան, գիտակցին այն փաստը, որ նոյնիսկ ամերիկացիները չկրցան ապահովել իրենց անվտանգութիւնը: Արաբական երկիրներու անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն շրջանային երկիրները: Մենք պէտք է մշակենք անվտանգութեան ապահովման շրջանային մեքանիզմներ», ըսած է ան:
Ռիւֆօ. «Ֆրանսան Իրանի Դէմ Յարձակողական Գործողութիւններուն Պիտի Չաջակցի»
Ֆրանսան օգնութիւն պիտի չցուցաբերէ Իրանի դէմ կատարուող յարձակողական գործողութիւններուն, որովհետեւ Փարիզ չէ ընդունած այդ հակամարտութիւնը: Այս մասին սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարին կից պատուիրակուած նախարար Ալիս Ռիւֆօ:
Նախարարին բացատրութեամբ` դաշնակիցները գործած են առանց Ֆրանսայի հետ նախնական քննարկումներու: «Իսրայէլացիներն ու ամերիկացիները մեզի հետ չեն խորհրդակցած եւ չեն բացատրած իրենց նպատակները: Մենք օգնութիւն պիտի չցուցաբերենք յարձակողական գործողութիւններուն, քանի որ չենք ընտրած եւ չենք ընդունած այս պատերազմը», նշած է Ռիւֆօ:
Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսան բացասաբար կը վերաբերի զինուորական այն գործողութիւններուն, որոնք այսօր կ՛ապակայունացնեն շրջանը: Բացի ատկէ, Ռիւֆօ ընդգծած է, որ Փարիզ դէմ է Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի մէջ լայնածաւալ ցամաքային գործողութեան կատարման:
Տնտեսական Հետեւանքներ
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութենէն պաշտօնատարներ դռնփակ զեկուցումի նիստի ընթացքին Քոնկրեսէն անդամներու յայտնած են, որ գնահատումները ցոյց կու տան, թէ պատերազմի առաջին 6 օրուան ծախսը շրջանցած է 11,3 միլիառ տոլարը:
Քոնկրեսի շարք մը անդամներ յայտնած են, թէ կը նախատեսեն, որ Սպիտակ տունը մօտ օրէն Քոնկրեսէն պատերազմին յաւելեալ ֆինանսաւորում պիտի խնդրէ:
Կարգ մը պաշտօնատարներ նշած են, որ ատիկա կրնայ 50 միլիառ տոլարի հասնիլ, իսկ ուրիշներ ըսած են, որ այդ գնահատումը համեստ կը թուի:
Պաշտօնատարներուն նաեւ փոխանցուած է, որ յարձակումներու առաջին երկու օրուան ընթացքին 5,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինամթերք օգտագործուած է:
Աղբիւրներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Սպիտակ տան կարծիքով, ան երկու շաբաթ ունի, մինչեւ վառելանիւթի գիներու բարձրացումին քաղաքական սուր տագնապի վերածուիլը:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ մտահոգութիւնները կ՛աճին այն մասին, որ Հորմուզի նեղուցին ճամբով առեւտուրի արագ վերականգնման յոյսերը կը մարին` հաշուի առնելով քարիւղատարներու համար Միացեալ Նահանգներու ծովուժի ուղեկցութեան բացակայութիւնը եւ իրանեան յարձակումներու սրումը:
Օրաթերթը կը բացատրէ, որ այս իրավիճակը կը մեծցնէ աշխարհի կարեւորագոյն ուժանիւթային ջրային ուղիի երկարատեւ փակման հաւանականութիւնը, ինչ որ պիտի խեղդէ այս կենսականօրէն կարեւոր երթուղիով արտածումը:
Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը իր ամսական զեկուցման մէջ հաղորդեց, որ պատերազմը քարիւղի համաշխարհային շուկայի պատմութեան մէջ մատակարարման մեծագոյն տագնապը ստեղծած է` նշելով, որ Ծոցի երկիրներուն մէջ քարիւղի արտադրութիւնը առնուազն օրական 10 միլիոն տակառի նուազած է:
Գործակալութիւնը զգուշացուց, որ այս վնասները կրնան մեծապէս բարդանալ, եթէ առաքումը շուտով չվերականգնուի:
Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գործադիր տնօրէն Ֆաթեհ Պիրոլ Պոլսոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «400 միլիոն տակառ շրջանառութեան մէջ դնելու մեր որոշումը շուկային մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ֆրանսական «Թոթալ Էնըրճիզ» ընկերութիւնը յայտարարած է, որ պիտի դադրեցնէ Քաթարի, Իրաքի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ արտահանումները:
Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին պատճառով «Պրենթ» քարիւղի գինը 9,3 առ հարիւրով բարձրանալով հասաւ տակառը 100,50 տոլարի, իսկ Արեւմտեան Թեքսասի քարիւղի գինը 8,8 առ հարիւրով բարձրանալով հասաւ 94,92 տոլարի:
Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ իրենց ռազմավարական պահեստներէն աստիճանական կերպով 172 միլիոն քարիւղի տակառ շրջանառութեան մէջ դնել:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ քարիւղի իր ռազմավարական պահեստներէն «փոքր քանակ մը» պիտի օգտագործէ: «Ներկայիս զայն քիչ մը պիտի նուազեցնենք, ինչ որ գիները պիտի նուազեցնէ», նշեց ան:
Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթ նշեց, որ այդ գործողութիւնը մօտաւորապէս 120 օր պիտի տեւէ, եւ Իրանը ամբաստանեց «Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներու ուժանիւթի անվտանգութիւնը» խաթարելու մէջ:
Հնդկական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ Իրան Հնդկաստանի դրօշը բարձրացուցած քարիւղատար նաւերուն պիտի արտօնէ Հորմուզի նեղուցէն անցնիլ: Իրանեան աղբիւրներ, սակայն, հերքեցին այդ լուրը` նշելով, որ այդպիսի որեւէ որոշում չէ տրուած:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Պլումպըրկ»-ին յայտնած են. «Հնդկաստան Իրանի հետ կը բանակցի աւելի քան 20 քարիւղատար նաւերու Հորմուզի նեղուցէն անցքը ապահովելու համար»:
Բեռնափոխադրութեան ընկերութիւններ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են. «Հորմուզի նեղուցէն անցնելու շարժումին արագ վերականգնում մը չենք նախատեսեր, եւ բեռնափոխադրութեան վերականգնումը երկար ժամանակի պիտի կարօտի»:
«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Քարիւղի մշակման չինական ընկերութիւնները պատերազմին պատճառով կը սկսին չեղեալ նկատել մշակուած վառելանիւթերու, ներառեալ պենզինի եւ մազութի արտածումները»:
Պանկլատեշ Միացեալ Նահանգներէն խնդրեց մատակարարումներու սակաւութենէն յառաջացած ճնշումներու լոյսին տակ իրեն արտօնել Ռուսիայէն քարիւղ գնել»: